Պաքուի մէջ աւարտած է Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարներուն եւ միւս գերիներուն դատավարութիւնը

Պաքուի մէջ, Հոկտեմբեր 31-ին աւարտած է Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարներուն եւ միւս գերիներուն դատավարութիւնը։

Յաջորդ դատական նիստը նշանակուած է Նոյեմբեր 3-ին։ Մեղադրող կողմը պիտի հանդէս գայ ամբաստանագրով։

Տակաւին չէ աւարտած միայն Արցախի նախկին Պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի դատավարութիւնը, որ ինչպէս ծանօթ է, կ՚ընթանայ անջատ։

Այդ նիստերը տեղի կ՚ունենան անկախ լրասփիւռներու եւ միջազգային կառոյցներու բացակայութեամբ։

Ազերպայճան Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը կ՚ամբաստանէ շարք մը ծանր յանցագործութիւններու մեղադրանքով։

Սեպտեմբերին Ազերպայճանի մէջ Կարմիր խաչի գրասենեակին փակումէն ետք, 23 հայ գերիները փաստօրէն յայտնուած են կատարեալ մեկուսացման մէջ։ Կարելի չէ որեւէ անաչառ տեղեկութիւն ձեռք ձգել  անոնց առողջական վիճակին ու բանտարկութեան պայմաններուն մասին. նոյնիսկ անոնց հարազատներուն կը զլացուի ամենատարրական այդ իրաւունքը։