Պաքուի մէջ կը շարունակուի Արցախի ղեկավարութեան դէմ բեմականացուած դատավարութիւնը

Պաքուի մէջ կը շարունակուին Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան շինծու դատավարութեան նիստերը։

Ապրիլ 7-ին, հարցաքննուած է Արցախի նախկին  Արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան:

Ըստ ազերպայճանական լրասփիւռներուն՝ Բաբայեան յայտարարած է, թէ ինք դէմ եղած է հայութեան՝ ազերպայճանական համայնքին մէջ համարկումին։

“Համարկումը անկարելի էր”,– ըսած է Բաբայեան՝ պատասխանելով դատախազութեան ներկայացուցիչներու հարցումներուն։ Ան աւելցուցած է, թէ Արայիկ Յարութիւնեան, Ռուբէն Վարդանեան եւ Արցախի միւս ղեկավարները նոյնպէս համարկումի դէմ եղած են եւ անոնցմէ ոչ մէկը այդպիսի հեռանկար ունեցած է։

Նախապէս՝ Ապրիլ 4-ին ալ հարցաքննուած է Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Դաւիթ Իշխանեան։

Ան հաստատած է, թէ եղած է ՀՅԴ-ի աշխուժ անդամ, ղեկավարած է Արցախի Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութիւնը եւ 1992-ին միացած է Արցախեան պատերազմին` իբրեւ գումարտակի հրամանատար:

Իշխանեան յայտնած է, թէ, երկրորդ պատերազմի ընթացքին այցելած է Մարտունիի զօրամաս` իր ծառայող որդին տեսնելու եւ իբրեւ երեսփոխան իր պարտքը կատարելու նպատակով:

Դատախազը յիշեցուցած է 2023-ի յայտարարութիւնը, ըստ որուն՝ Իշխանեան բաց նամակներ ուղարկած է շարք մը երկիրներու խորհրդարաններու նախագահներուն` Ազերպայճանը ճնշելու կոչով: Իշխանեան ըսած է, թէ տեղեակ չէ, թէ նամակները հասա՞ծ են իրենց հասցէատէրերուն: