Ազերպայճան առաջարկած է տարածաշրջանային «3+3» ձեւաչափի յաջորդական հանդիպումը կայացնել նախ իր տարածքին վրայ, իսկ ապա՝ Հայաստանի մէջ։ Այս մասին յայտնած է Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով, Իրանի իր պաշտօնակից Ապպաս Արաղչիի հետ Պաքուի մէջ իրենց տուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին։
Պայրամով նշած է, թէ առաջարկը մերժելու հիմք չի տեսներ։
“Թուրքիոյ մէջ կայացած հանդիպումէն ետք, մեր պատուիրակութիւնը առաջարկեց յաջորդը կայացնել Ազերպայճանի մէջ։ Մենք նշեցինք, որ Ազերպայճանի հանդիպումէն ետք, պիտի համաձայնինք յաջորդ նիստը Հայաստան գումարելու շուրջ։ Դժբախտաբար, կարելի չեղաւ համաձայնութեան գալ․ հայկական կողմը չհամաձայնեցաւ նման յաջորդականութեան”,– ըսած է ազերպայճանցի նախարարը։
Իր կարգին, Արաղչի նշած է, որ Իրան դրական կը գնահատէ Պաքուի նախաձեռնութիւնը։ “Մենք կ՚աջակցինք այդ քայլին եւ կը կարծենք, որ ան կրնայ աւելի ուժեղ եւ աւելի գործուն դարձնել «3+3» գործիքակազմը”,– ըսած է ան։
Ան նաեւ ընդգծած է, որ Թեհրան կ՚ողջունէ հայ-ազերպայճանական յարաբերութիւններու դրական ընթացքը եւ կարեւոր կը նկատէ տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան ամրապնդումը։
Յիշեցնենք, որ «3+3» ձեւաչափին մէջ ընդգրկուած են Հայաստանը, Ազերպայճանն ու Վրաստանը, ինչպէս նաեւ Ռուսաստանը, Իրանն ու Թուրքիան։ Վրաստան առայժմ չի մասնակցիր այս ձեւաչափով աշխատանքներուն, սակայն միւս մասնակիցները բազմիցս ըսած են, որ դուռը բաց է Թիֆլիսի համար։ Նախորդ երեք հանդիպումները կայացած են Մոսկուայի, Թեհրանի եւ Պոլսոյ մէջ։