Պաքու դատապարտած է Եւրոպական խորհրդարանին մէջ Մարտ 13-ին ձայներու մեծամասնութեամբ որդեգրուած բանաձեւը, ուր երեսփոխանները կը պահանջէին անյապաղ եւ առանց նախապայմանի ազատ արձակել Պաքուի մէջ բանտարկուած հայ գերիները, ի շարս որոնց՝ Արցախի նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ներկայացուցիչները:
Բանաձեւին մէջ ընդգծուած էր, թէ հայերու դէմ դատավարութիւնները շինծու են եւ նուաստացուցիչ:
Ըստ ազերպարճանական լրասփիւռներուն՝ Ազերպայճանի Միլլի մեճլիսը (խորհրդարան) բողոքի նամակ մը ուղարկած է Եւրոպական խորհրդարան: Ազերպայճանական կողմը անհիմն ու կողմնակալ որակած է բանաձեւը՝ պնդելով, որ իբրեւ թէ ան «կ՚ոտնահարէ ինքնիշխանութեան, օրէնքի գերակայութեան եւ արդարադատութեան սկզբունքները»։
Միլլի մեճլիսը անհիմն որակած է նաեւ Ազերպայճանի դէմ յարուցուող Արցախի շրջափակման եւ ցեղային զտումներու մեղադրանքները: Ի պատասխան՝ Ազերպայճան դատապարտած է Եւրոպական խորհրդարանը իր ներքին գործերուն միջամտելու յանցանքով՝ նշելով թէ Պաքու հաւատարիմ է տարածաշրջանային խաղաղութեան օրակարգին։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։