Պաքու կը «պարզաբանէ» «Զանգեզուրի միջանցք»-ի իր ըմբռնումը. նպատակը՝ «թրքական պետութիւններու միաւորումն է»

Իրանագէտ Վարդան Ոսկանեան իր թելեկրամեան ալիքին վրայ կը հաղորդէ, թէ Պաքուի վարչախումբին այսպէս կոչուած խորհրդարանին «Ազարպայճան» պաշտօնաթերթը յօդուածով մը «պարզաբանած է», թէ Պաքու ի՛նչ կը հասկնայ «Զանգեզուրի միջանցք» տխրահռչակ բանաձեւումով։

Ոսկանեան կը մէջբերէ համաթուրանական գաղափարներով լեցուն յօդուածէն հետեւեալը. «Այս տարուան Օգոստոս 8-ին Ուաշինկթընի մէջ ստորագրուած Համատեղ հռչակագրով ամրագրուեցաւ մեր երկրի հիմնական մասին եւ Նախիջեւանի միջեւ անխափան երթեւեկութեան ապահովումը։Յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման Թրամփի ուղին”, այսինքն՝ Զանգեզուրի միջանցքը, արդէն իսկ իրագործման փուլին մէջ է։ Այսպէսով, ժամանակին արհեստական խոչընդոտներով իրարմէ բաժնուած թրքական պետութիւնները դարձեալ պիտի միանան»։

Իրանագէտը կ՚եզրակացնէ. «Ատով, բացայայտ լկտիութեամբ նշուած է նաեւ այդմիջանցքկոչեցեալին հեռահար նպատակը՝ միաւորել թրքալեզու պետութիւնները, ուրկէ ալ՝ թշնամիինԹուրանական միջանցք”-ի պատկերացումը»։