Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Պելճիքայի Ներկայացուցիչներու պալատը իր լիագումար նիստին որդեգրած է Ազերպայճանը դատապարտող բանաձեւ մը

Յուլիս 17-ին կայացած լիագումար նիստին, Պելճիքայի Ներկայացուցիչներու պալատը միաձայնութեամբ որդեգրած է բանաձեւ մը՝ դատապարտելով Արցախի հայերու դէմ Ազերպայճանի գործած ռազմական յարձակումը եւ միջազգային իրաւունքի խախտումները։

Բանաձեւին մէջ նշուած է, թէ Ազերպայճանի գործողութիւնները Արցախի ու անոր հայ բնակչութեան դէմ կը հակասեն միջազգային իրաւունքի չափանիշերուն։ Պելճիքայի օրէնսդիր մարմինը ընդգծած է, թէ տարածաշրջանին մէջ կայուն եւ մնայուն խաղաղութիւնը կարելի է մի՛այն այն պարագային, երբ փոխադարձաբար կը յարգուի Հայաստանի եւ Ազերպայճանի տարածքային ամբողջականութիւնը։ Բանաձեւը յստակօրէն դատապարտած է Ազերպայճանի իշխանութիւններու՝ «Արեւմտեան Ազերպայճան» խօսոյթի համածիրին մէջ հնչող սպառնալիքներն ու հռետորաբանութիւնն ալ։

Բանաձեւին մէջ անդրադարձ կայ նաեւ Պաքուի կողմէ Արցախի նախկին ղեկավարներուն ապօրինի բանտարկութեան եւ անհասկնալի դատավարութիւններուն։ Խստօրէն դատապարտելով Ազերպայճանի այս քաղաքականութիւնը՝ վերջինին կոչ ուղղուած է ազատ արձակելու բոլոր հայ գերիները։

Ներկայացուցիչներու պալատը Ազերպայճանէն պահանջած է ապահովել Արցախի մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան պահպանումը կոչ ընելով թոյլատրելու ԻՒՆԷՍՔՕ-ի առաքելութեան մուտք գործել այդ տարածքը՝ վնասները գնահատելու նպատակով։

Սոյն բանաձեւով Եւրոպական Միութեան (ԵՄ) ալ կոչ եղած է կիրարկելու պատիժներ մարդկային իրաւունքները խախտողներու դէմ, ընդլայնելու ԵՄ-ի դիտորդական առաքելութիւնը Հայաստանի մէջ, վերանայելու ԵՄ-Ազերպայճան յարաբերութիւնները, եթէ Պաքու չցուցաբերէ իրական պատրաստակամութիւն խաղաղութեան հասնելու ուղղութեամբ։