Յունիս 1-ին, Պելճիքայի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան եւ Պրիւսէլի Իքսէլ շրջանի քաղաքապետութեան միասնական ջանքերով կազմակերպուեցաւ առաջին հայկական տօնավաճառը։
Պրուկման հրապարակը լեցուած էր հայկական խոհանոցի բոյրերով, պարերով եւ երաժշտութեամբ։ Բացուած 15 տաղաւարները ներկայացուցին Հայաստանի եւ Սփիւռքի մշակոյթն ու արուեստը։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ դեսպան Բալայեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Իքսէլի քաղաքապետ Ռոման Տը Ռէօմին, Հայ-պելճիքական առեւտրական պալատին, տեղւոյն հայկական ձայնասփիւռին, ինչպէս նաեւ բոլոր մասնակիցներուն՝ սոյն ձեռնարկին կազմակերպութեան աջակցելնուն համար։
Դեսպանը նշեց, թէ տօնավաճառի վայրը պատահական չէ ընտրուած․ Իքսէլի մէջ կը գտնուի հայկական եկեղեցին, Ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած յուշակոթողը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի դեսպանութեան առաջին շէնքը։
Հայկական տօնավաճառ այցելեցին դեսպաններ, Եւրոպական խորհրդարանի եւ Եւրոպական Միութեան այլ կառոյցներու ներկայացուցիչներ, լրասփիւռներու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ պելճիքացիներ, հայ համայնքի անդամներ, սփիւռքի ականաւոր գործիչներ։
Օրուան ընթացքին հայ երաժիշտներն ու «Նեմրութ» աւանդական երգի ու պարի համոյթը իրենց կատարումներով խանդավառեցին ներկաները։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։