ՊԵԼՃԻՔԱ – Պելճիքայի հայ բժիշկները կ՚օժանդակեն Արթիկի հիւանդանոցին 

 

Բարեսիրական երեկոյթ՝ Պրիւսէլի մէջ

Պրիւ­սէ­լի հայ­կա­կան հա­սարա­կական եւ մաս­նա­գիտա­կան շրջա­նակ­նե­րը վեր­ջերս միաւո­րուած են կա­րեւոր նպա­տակի մը շուրջ՝ օժան­դա­կել Ար­թի­կի հի­ւան­դա­նոցին՝ զայն օժ­տե­լով մարմնուղղու­մի (orthopédique) վի­րաբու­ժութեան հա­մար անհրա­ժեշտ սար­քա­ւորումնե­րով։

Պել­ճի­քայի Հայ բժիշկնե­րու ըն­կե­րակ­ցութեան նա­խաձեռ­նութեամբ «Պօ­ղոսեան» հիմ­նադրա­մի «Villa Empain»-ի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած է բա­րեսի­րական հա­մերգ-ըն­դունե­լու­թիւն մը։

Նա­խաձեռ­նութիւ­նը լայն աջակ­ցութիւն ստա­ցած է թէ՛ հայ­կա­կան հա­մայն­քէն, թէ՛ պել­ճի­քացի գոր­ծընկեր­նե­րէն։ Ներ­կայ եղած են Պել­ճի­քայի մէջ Հա­յաս­տա­նի դես­պան Տիգ­րան Բա­լայեան, ՕԹԱՆ-ի մէջ Հա­յաս­տա­նի առա­քելու­թեան ղե­կավար Ար­ման Իս­րա­յէլեան եւ բազ­մա­թիւ այլ պաշ­տօ­նատար­ներ։

Երե­կոյ­թին առանցքա­յին բա­ժինը հան­դի­սացած է բա­րեսի­րական աճուրդը, որուն հա­մար «Պօ­ղոսեան» հիմ­նադրա­մի հա­մահիմ­նա­դիր Ժան Պօ­ղոսեան յատ­կա­պէս պատ­րաստած է արուես­տի եր­կու բա­ցառիկ գոր­ծեր։ «Art Arm» պատ­կե­րաս­րա­հը եւ այլ արուես­տա­գէտ­ներ եւս նուիրա­բերած են ստեղ­ծա­գոր­ծութիւններ։

Յատ­կանշա­կան պահ մը եղած է Շառլ Ազ­նա­ւու­րի ստո­րագ­րութեամբ հայ­կա­կան քո­նեակին վա­ճառ­քը, զոր գնած է ծա­գու­մով գոն­կո­ցի շո­ղաբան (radiologue) Ժան Ֆլո­րի Լուապա Չի­պատա։ “Այս նա­խաձեռ­նութիւ­նը բա­ցառիկ է։ Ան զիս ալ կը ներշնչէ՝ նման բան մը ընե­լու իմ երկրիս հա­մար”,– ըսած է բժիշ­կը։

Երե­կոյ­թին ելոյթ ու­նե­ցած են դաշ­նա­կահար Ար­մէն-Լե­ւոն Մա­նասա­րեանն ու թաւ­ջութա­կահար Սե­ւակ Ավա­նէսեանը։ Հան­գա­նակուած գու­մա­րը պի­տի տրա­մադ­րուի Ար­թի­կի հի­ւան­դա­նոցի մարմնուղղու­մի բա­ժան­մունքի հա­մալրման։ ■