Պեկլի Սուրբ Ներսէս հայկական եկեղեցւոյ օծումը՝ Հոկտեմբեր 5-ին

ՊՈՐՏՕՖրանսայի Պորտօ քաղաքի արուարձանը հանդիսացող Պեկլի մէջ, այս Կիրակի, Հոկտեմբեր 5-ին, պաշտօնապէս պիտի օծուի Սուրբ Ներսէս հայկական առաքելական եկեղեցին։ Արարողութիւնը պիտի կատարուի ձեռամբ՝ Ֆրանսայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպիսկ. Խաչատրեանի։ Այս եկեղեցին Ֆրանսայի արեւմտեան շրջանի միակ հայկական առաքելական պաշտամունքի վայրն է։

Պորտոյի մէջ հայկական եկեղեցի մը ունենալու գաղափարը սկսած է ծիլ արձակել1979-ին, յետ Ամենայն հայոց կաթողիկոս Վազգէն Ա.ի այցելութեան։ Տարիներու ընդմիջումէ մը ետք, ծրագիրը վերակենդանացաւ 2021-ին՝ «Նոր Աքիթէնի ֆրանսահայոց միութեան» (UFA) եւ «Պորտօ Աքիթէնի հայոց մշակութային ընկերակցութեան» (ACABA) համագործակցութեան շնորհիւ, որոնց ջանքերով եկեղեցւոյ շէնքը ձեռք բերուեցաւ 2022-ին։ Սրբավայրին կառավարման եւ զարգացման համար յատուկ կրօնական միութիւն մը հիմնուած է։

Նոր եկեղեցին Նոր Աքիթէնի հայ համայնքին համար կեդրոնական նշանակութիւն ունի։ Ան պիտի ծառայէ ոչ միայն իբրեւ հոգեւոր կեդրոն, այլ նաեւ մշակութային եւ ընկերային հաւաքատեղի։ Նպատակն է զօրացնել համայնքային կապերը եւ ստեղծել միջավայր մը, ուր գալիք սերունդները կարողանան սորվիլ եւ բաժնեկցիլ հայկական ժառանգութիւնն ու ինքնութիւնը։