Վեր. դոկտ. Փոլ Հայ−տոսթեան կ՚արտասանէ իր խօսքը
Անցեալ տարի Պէյրութի վրայ իսրայէլեան յարձակումներուն պատճառով, 2024 Հոկտեմբերին նախատեսուած Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան Գիրքի փառատօնը իրականութիւն դարձաւ այս տարի 8-13 Դեկտեմբերին։
Հարուստ էր վաճառքի հանուած գիրքերու տեսականին։ Շեշտը դրուած էր Հայաստանի հրատարակիչներուն վրայ, որոնցմէ երեքը պաշտօնական հիւրերն էին Փառատօնին՝ «Արմաւ», «Պուքինիստ» եւ «Էտիթ Փրինթ»։ Ափսոս որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, «Արաս» հրատարակչատուներու արտադրանքը աւելի ճոխ չէր ներկայացուած, իսկ Փարիզի մանկապատանեկան «Բարեւ-Արեւ», «Քոթոթ» եւ այլ հրատարակչութիւնները բոլորովին բացակայ էին։ Բարեբախտաբար կար տաղաւար մը անհատ հրատարակիչներու, որոնք Սփիւռքի մէջ ներկայիս նոր հրատարակութիւններու առիւծի բաժինը կը գրաւէին։ «Նոր Յառաջ» եւս կը մասնակցէր ներկայացնելով Գալուստ Կիւլպէնկեանի մանկապատանեկան «Զարդիս» մատենաշարէն լոյս տեսած 9 հատորները։
Բացման օրը հոծ բազմութիւն մը փութացած էր «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահը։ Ներկայ էր Լիբանանի հայ համայնքի ղեկավար դասը։ Խօսք առին Համազգայինի կողմէ Հրատարակչատան պատասխանատու Իզապէլ Տիարպի, ինչպէս նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան կեդրոնական վարչութեան եւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան։ Ողջոյնի խօսք ուղղեց նաեւ «Էտիթ Փրինթ» հրատարակչատան գլխաւոր խմբագիր ու տնօրէն Դաւիթ Սամուէլեան։ Շնորհակալութեան եւ երախտիքի իր խօսքը ուղղեց Համազգայինի հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան: Երեկոյթին ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի քառեակը։
Խանդավառող երեւոյթ էր ցուցահանդէսին առթիւ անհատական գնումներու թափը, ինչ որ ցոյց կու տայ թէ Սփիւռքի մէջ տակաւին կա՛յ համայնք մը, ուր հայերէն գիրքը կարեւորութիւն ունի, ընթերցող ունի։ Ամէնէն մեծ թիւով գիրքեր վաճառողը եղաւ Հայաստանէն «Պուքինիստ» հրատարակիչը։
Ինչպէս յայտարարուած էր, Հինգշաբթի, 9 Դեկտեմբերէն մինչեւ 13 Դեկտեմբեր, Պէյրութի հայկական վարժարաններու աշակերտները կ՚այցելէին ցուցահանդէսը։

Հայկական դպրոցներու աշակերտները կ՚այցելեն գիրքի փառատօն
Չորեքշաբթի, 10 Դեկտեմբերին տեղի ունեցաւ կլոր սեղան – քննարկում մը, որուն թէեւ իբր խորագիր տրուած էր «Հրատարակչական առաքելութիւնը այսօր հայաշխարհին մէջ», սակայն, կլոր-սեղանի մասնակից յայտարարուած էին միայն Հայաստանի երեք հրատարակիչները, որոնք արծարծեցին հայրենիքի մէջ սովետական վարչակարգի հրատարակչական համակարգէն անկախութեան շրջան անցումին՝ վարչական ու որակական փոփոխութիւնները։ Անկասկած հետաքրքրական ժամանակաշրջան մը հայ հրատարակչութեան պատմութեան մէջ, սակայն հեռու՝ բովանդակ հայաշխարհի, Սփիւռքի հրատարակչութեան հարցերը, հեռանկարներն ու մարտահրաւէրները քննարկելէ։ Բարեբախտաբար, կլոր սեղանի զրուցավար եւ միաժամանակ «Մարզիկ» ամսագրի խմբագիր ու «Վանայ Ձայն»-ի տնօրէն Վիգէն Աւագեան խօսք տուաւ նաեւ Սփիւռքի հրատարակիչներուն, անդրադառնալու համար զանազան հարցերու։
Հակառակ հրատարակչական աշխատանքի բոլոր դժուարութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն, Համազգայինի կազմակերպած Գիրքի փառատօնը ցոյց տուաւ, որ գիրքը, հակառակ արդի ժամանակներու թուայնացման ու առցանցացման գործընթացին, կը շարունակէ մնալ մշակութային ու կրթական հիմնական արժէք։ Ծնողներն ու ուսուցիչները կը գիտակցին այդ արժէքին, մասնաւորապէս մանուկներուն տրամադրելով շօշափելի գոյք մը, որ մարմին ունի, կշիռ ունի, բովանդակութիւն, հասանելի է առանց միջնորդ տարրերու՝ համակարգիչի, համացանցի, ելեկտրականութեան։ Գիրքը կը մնայ իբր տեսանելի ներկայութիւն ընթերցումէն առաջ ու ետք, որուն վրայ պէտք է գուրգուրալ եւ զոր կարելի է փոխանցել կամ նուիրել, իբր թանկագին ու յիշատակելի իր։
Ժ. Չ. ■