ՊՈԼՍԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ – Զահրատի 100-ամեակին առթիւ նոր գիրքի շնորհահանդէս եւ ցուցահանդէս

Ծանօթ բանաստեղծ Զահրատի (Զարեհ Եալտըզճեան) ծննդեան 100-ամեակին առթիւ նոր գիրքի շնորհահանդէսն ու «Կիկօ-ի հետ առաջ ու ետ» ցուցահանդէսի բացումը տեղի ունեցաւ Կիրակի, Մարտ 16-ի երեկոյեան, Գարակէօզեան վարժարանի Նատիա եւ Տիգրան Կիւլմէզկիլ գեղարուեստից աշխատանոցին մէջ: Կը ցուցադրուին Զահրատի բանաստեղծութիւններու հիման վրայ նկարիչ Լեւոն Գիւլխասեանի ստեղծագործած գծանկարները։

Հանդիսութեան պատուոյ հիւրն էր Սահակ Բ. պատրիարքը, որուն կ’ընկերանար Յովակիմ վրդ. Սերովբեան: Ներկայ էին Սեւծովեան տնտեսականհամագործակցութեան կազմակերպութեան Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ Նայիրի Պետրոսեան, համայնքային հաստատութեանց ներկայացուցիչներ, մամլոյ աշխատակիցներ եւ մշակութասէրներ, ինչպէս նաեւ ցուցահանդէսը համադրող Տիգրան Պասկեւիչեան։

Պատրիարք հօր օրհնութեամբ, Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկի հովանաւորութեամբ եւ Գարակէօզեան տան հիւրընկալմամբ տեղի ունեցած ձեռնարկի կազմակերպիչներն էին՝ «Ֆակտում» փաստագրական կեդրոնը, «Ակտուալ արուեստ» հրատարակչութիւնը եւ «Ժամանակ» օրաթերթը։

Օրուան հանդիսավարն էր Մարի Արզուման։ Բարիգալստեան խօսքով հանդէս եկաւ Գարակէօզեան վարժարանի տնօրէն Նարօտ Վերոնիք Քուրուղօղլու, որ ծանօթացուց օրուան իմաստը, Զահրատն ու անոր հերոսը՝ Կիկօն:

Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ Տիգրան Պասքեւիչեան, որ տեղեկութիւններ տուաւ Դեկտեմբեր 2024-ին Երեւանի մէջ բացուած ցուցահանդէսին մասին:

«Ժամանակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան իր խօսքը սկսաւ յիշելով, որ Զահրատ իր առաջին բանաստեղծութիւնը հրատարակած է «Ժամանակ» օրաթերթին մէջ, անդրադարձաւ Զահրատի ու անոր գրականութեան կարեւորութեան եւ մեծութեան: Գօչունեան մաղթեց ունենալ Զահրատի նման նորանոր մեծութիւններ ամէն բնագաւառէ ներս: Խօսքի շարունակութեան ան յիշեց նաեւ որ Հոկտեմբեր 2024-ին Յովակիմ վրդ. Սերովբեանի գլխաւորութեամբ՝ Պատրիարքական Աթոռոյ հրատարակչական բաժանմունքը հրատարակեց Զահրատի հարիւր բանաստեղծութեանց հաւաքածոն, ինչպէս նաեւ Օհան Շաշքալը եւ Արտաշէս Մարկոսեանը, որոնք իրենց ներդրումը ունեցած էին Զահրատի երկերու հրատարակութեան մէջ:

Հմայեակ Ուղուրլեան ներկաներուն հաղորդեց Զահրատի կողակցին՝ Անայիս Եալտըզճեանի ողջոյնները։

Սահակ պատրիարք իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ յիշողութեան կարեւորութեան եւ ըսաւ թէ «ստիպուած ենք մեր համայնքին յիշողութիւնը թարմացնելու, որպէսզի կարենանք շարունակել մեր ճամբորդութիւնը կեանքի պատմութեան մէջ»: Ան գնահատեց Զահրատն ու Կիկոյի միջոցաւ անոր կատարած գործը: Մեծանուն բանաստեղծի պարզութեան ու համեստութեան անդրադառնալով՝ Պատրիարք հայրը յայտնեց, թէ Զահրատի ըսածն ու ըրածը համեստ պայմաններու մէջէն դուրս գալ էր տիեզերականով:

Սահակ պատրիարք շնորհակալութիւն յայտնեց եւ օրհնեց բոլոր երախտաւորները, որոնց աշխատանքով լոյս աշխարհ եկած է այս գիրքն ու ցուցահանդէսը: Ան մաղթեց, որ պոլսահայ վարժարաններու սաները այցելեն այս ցուցահանդէսը, ապա աղօթեց Զահրատի հոգւոյն ի հանգիստ:

Հայաստանի ներկայացուցիչ Նայիրի Պետրոսեան դրուատեց Զահրատն ու անոր արուեստը եւ պոլսահայ գրականութիւնը, իսկ այս ցուցահանդէսի պատրաստութեան առթիւ՝ Տիգրան Պասքեւիչեանն ու բոլոր գործակիցները:

Յանուն Գարակէօզեան տան խնամակալութեան՝ Գարուն Գովան յուշանուէր մը յանձնեց Տիգրան Պասքեւիչեանին:

Հուսկ կատարուեցաւ գինեձօն՝ Պատրիարք հօր, Տիգրան Պասքեւիչեանի, Գարուն Գովանի եւ Արա Գօչունեանի ձեռամբ:

Հանդիսութեան աւարտին ներկաները շրջեցան ցուցահանդէսը, որմէ ետք պատուասիրութեան սեղաններու շուրջ առիթ ունեցան զրուցելու:

Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ շաբաթ մը։

Քաղուած՝ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքութեան Դիմագիրքի էջէն