Մայիս 13-ին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Պրիւսէլի մէջ ոչ-պաշտօնական հանդիպում մը ունեցած է Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլի հետ:
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են տարածաշրջանի ռազմաքաղաքական եւ մարդասիրական կացութեան շուրջ:
Վարչապետը անդրադարձած է վերջին օրերուն Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքի նկատմամբ ազերպայճանական զինուած ուժերու ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին, որոնք միտում ունին խաթարելու խաղաղ բանակցութիւններու շարունակման ուղղուած ջանքերը:
Քննարկուած են Ազերպայճանի կողմէ Բերձորի միջանցքի ապօրինի շրջափակման պատճառով Արցախի մէջ գոյացած մարդասիրական ճգնաժամին, Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերող հարցեր:
Միշէլ եւ Փաշինեան խօսած են նաեւ Քիշնեւի մէջ ծրագրուած հանդիպման մասին՝ Մաքրոնի եւ Շոլցի մասնակցութեամբ։
Նշենք, թէ յաջորդ օր՝ Մայիս 14-ին, նախատեսուած է Փաշինեան-Միշէլ–Ալիեւ եռակողմ տեսակցութիւնը։