Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը Թիւրքմենչայի պայմանագրի 194-ամեակին առիթով հրապարակած է յայտարարութիւն մը, մէջբերելով փաստաթուղթէն ստորեւ տրուած բաժինը, ուր ամրագրուած է որ՝ Նախիջևանի և Երևանի խանութիւնները, որոնք Պարսկաստանէն անցած են Ռուսաստանին, Արևելեան Հայաստանի մաս կազմած են։
«Ռուսական կայսրութեան տիրապետութեան տակ անցած են Նախիջևանի և Երևանի խանութիւնները (Արևելեան Հայաստան): Իրանի կառավարութիւնը պարտաւոր է խոչընդոտ չհանդիսանալ Հայերու վերաբնակումին՝ այդ խանութիւններու տարածքին ստեղծուած Հայկական մարզէն ներս, որ նպաստած է Ռուսական կայսրութեան կազմին մէջ հայ ժողովուրդի միաւորման»։
Նշենք, թէ պատմական այս փաստին յիշակատումը Պաքուի զայրոյթը յարուցած է և այդ երկրին Արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին հրապարակած է յայտարարութիւն մը` զարմանք եւ ափսոսանք յայտնելով, որ Մոսկուա այդ քայլին դիմած է՝ Ազէրպայճանի ու Ռուսաստանի միջեւ համագործակցութեան հռչակագրին ստորագրութեան օրը (2022 Փետրուար 22-ին – «ՆՅ»)։
Պաքու նաև պահանջած է սրբագրել եւ յատկապէս բնագրէն դուրս հանել «Արևելեան Հայաստան» բառակապակցութիւնը: