Ռոբերտ Քոչարեան. «Պէտք էր կառչիլ Նոյեմբեր 9-ի փաստաթուղթին եւ ամէն ինչ ընել, որ ան կեանքի կոչուի. ան Արցախը պահելու կարելիութիւն մըն էր»

Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարեան 5-րդ ալիքին տուած հարցազրոյցին ըսած է. Առէք Նոյեմբեր 9-ի 9-րդ կէտը, որ կը խօսի անարգել ճամբու մը մասին եւ բաղդատեցէք այդ կէտը Ուաշինկթընի մէջ ստորագրուած փաստաթուղթի նմանատիպ կէտին հետ։ Բովանդակութեամբ նոյնն է, ուղղակի այն տարբերութեամբ, որ այն ժամանակ կար Արցախ, Լաչինի միջանցք ու 9-րդ կէտը մտցուած էր Լաչինի միջանցքին հետ համաչափութիւն ունենալու Ազերպայճանի պահանջով։

Այն ժամանակ միջանցքի տրամաբանութիւն չկար ընդհանրապէս։ Փաշինեան հետեւողականօրէն կը մերժէր այդ կէտի կատարումը։ Այդ կեցուածքը յանգեցուց Լաչինի միջանցքի փակումին եւ ամէն ինչ աւարտեցաւ Արցախի կորուստով։

Ո՛չ մէկ ընդդիմադիր կ՚ըսէր, թէ Նոյեմբեր 9-ի փաստաթուղթը պէտք է չեղեալ համարել։ Կը հասկնայինք, որ ան ունի հարցեր, կ՚արձանագրէ պատերազմին մեր պարտութիւնը։ Բայց բոլորը կը հասկնային, որ սա նաեւ կարելիութիւն մըն էր Արցախը պահելու եւ այն ժամանակ պէտք էր կառչիլ այդ փաստաթուղթին եւ ընել ամէն ինչ, որ ան կեանքի կոչուի,– նշած է Քոչարեան։