Ռուբէն Վարդանեանի թելեկրամեան ալիքը կը յայտնէ, որ ան հեռաձայնային զրոյց ունեցած է իր անդրանիկ զաւկին հետ, որմէ խնդրած է բաժնել հետեւեալ իր երեք մտքերը.
1. Արցախը եղած է, կա՛յ ու պիտի ըլլա՛յ։
2. Հաւատացէ՛ք դուք ձեզի՝ որպէս Աստուծոյ մէկ մասնիկը, հաւատացէ՛ք բարիին ու լոյսին։
3. Իսկական հերոսը ա՛ն է, որ կարող է յոյս վառել հոն, ուր ան այլեւս չկայ, ա՛ն որ սատար կը կանգնի ուրիշներուն, երբ անոնք կորսնցուցած են հաւատքը։