Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՌՈՒՄԱՆԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ – «Սարդարապատէն մինչեւ Արցախ» խորագրով համերգ եւ ցուցահանդէս 

Մայիս 20-ին, Ռումանիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Տաթեւ եպիսկոպոս Յակոբեանի օրհնութեամբ, Պուքրէշի առաջնորդանիստ տաճարին կից գտնուող «Յովսէփ եւ Վիքթորիա» մշակոյթի տան սրահին մէջ տեղի ունեցած է «Սարդարապատէն մինչեւ Արցախ» խորագրով ցուցահանդէս եւ համերգ՝ նուիրուած Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան հռչակման տօնին եւ մայիսեան հերոսամարտերուն։

Ցուցահանդէսը ընդգրկած է առաջնորդարանը պահուող արխիւային նիւթեր եւ լուսանկարներ՝ նուիրուած 1918-ի Մայիսեան յաղթանակին։

 

 

Ներկաները՝ ցուցահանդէս այցելութենէն ետք, ունկնդրած են հայրենասիրական եւ ժողովրդական երգեր՝ կատարողութեամբ սոփրանօ Արմինէ Խաչատրեանի, նուագակցութեամբ Գարմէն Ասֆադուրեանի, մասնակցութեամբ Առաջնորդարանի «Անի» երգչախումբին, խմբավարութեամբ՝ Արմինէ Խաչատրեանի։ Համերգին հանդէս եկած են նաեւ Առաջնորդարանի «Լոյս» մանկական կեդրոնի աշակերտները, ներկայացնելով հայ հեղինակներէ ստեղծագործութիւններ։

Այս առիթով, հրատարակուած է Մայիսեան հերոսամարտերուն եւ Ա. Հանրապետութեան հռչակման նուիրուած պատկերազարդ գրքոյկ մը։

Երեկոյթը փակուած է Տաթեւ Սրբազանի օրհնութեան ու գնահատանքի խօսքով։

Յաջորդ օրը՝ Մայիս 21-ին, յաւարտ կիրակնօրեայ պատարագի կատարուած է Հանրապետական մաղթանք Հայաստանի ազգային հերոս Անդրանիկ Օզանեանի կիսանդրիին առջեւ, որ կը գտնուի առաջնորդանիստ տաճարին բակը։

 

Դպրական ձեռնադրութիւն եւ ուրարի տուչութիւն Սրբոց Հրեշտակապետաց առաջնորդանիստ տաճարին մէջ

Ռումանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդին ձեռամբ եւ օրհնութեամբ, Մայիս 21-ին, Պուքրէշի Սրբոց Հրեշտակապետաց առաջնորդանիստ տաճարին մէջ տեղի ունեցած է դպրական ձեռնադրութիւն եւ ուրարի տուչութեան կարգ։ Դպրութեան աստիճանի արժանացած են համայնքէն չորս երիտասարդներ ու պատանիներ՝ Հրանտ Ջաղինեան, Յարութ Կափլանեան, Յովհաննէս եւ Գրիգոր Ազարեան, որոնք տարիներէ ի վեր նուիրումով կը ծառայեն Հայոց եկեղեցւոյ՝ մասնակցելով պատարագներուն եւ սրբազան միւս արարողութիւններուն։ Հրանտ Ջաղինեան արժանացած է նաեւ ուրար կրելու իրաւունքին։

Ձեռնադրութենէն ետք, առաջնորդարանի հիւրընկալ յարկին տակ տեղի ունեցած է հիւրասիրութիւն, ուր Սրբազան հայրը անգամ մը եւս շնորհաւորած եւ նուէրներ յանձնած է Հայ եկեղեցւոյ նորաթուխ սպասաւորներուն։