Յունիս 7-ին, Ռուսաստանի վարչապետ Միխայիլ Միշուսթին Հայաստանի վարչապետին հետ հանդիպումին յայտարարած է, թէ Մոսկուա կը գնահատէ Երեւանի հետ եղբայրական յարաբերութիւնները, որոնք ռազմավարական եւ դաշնակցային բնոյթ կը կրեն։
“Այսօր Ռուսաստանի եւ Հայաստանի առեւտրատնտեսական եւ ներդրումային համագործակցութիւնը աշխուժօրէն կը զարգանայ, հակառակ ապօրինի տնտեսական պատիժներուն, զորս սահմանած են շարք մը ոչ-բարեկամ պետութիւններ”,– ըսած է ան, շեշտելով, որ անցնող Յունուար-Ապրիլին երկու երկիրներու միջեւ առեւտուրի շրջանառութիւնը աճած է 96 տոկոս եւ կազմած գրեթէ 140 միլիառ ռուբլի:
Միխայիլ Միշուսթին յիշեցուցած է, որ Հայաստանի մէջ յաջողութեամբ կ՚աշխատին աւելի քան 4.500 ռուսական ընկերութիւններ, իսկ Ռուսաստանի ներդրումները կը գերազանցեն Հայաստանի տնտեսութեան մէջ օտար ներդրումներու ընդհանուր ծաւալին 46 տոկոսը:
Ան նշած է, որ Ռուսաստան շահագրգռուած է ուժանիւթի, հանքարդիւնաբերութեան, թուայնացման, գուղատնտեսութեան բնագաւառներուն մէջ միացեալ նոր ծրագրերով:
Ռուսաստանի վարչապետը անդրադարձած է նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ երթեւեկի հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հարցին։
“Ըստ Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ազերպայճանի ղեկավարներու միջեւ գոյացած համաձայնութեան՝ մենք համակարգուած ձեւով աշխատանք կը տանինք Հարաւային Կովկասի տնտեսական եւ հաղորդակցութեան կապերու ապաշրջափակման ուղղութեամբ։ Նոր երթուղիներու ստեղծումը ընդհանրապէս կը համապատասխանէ տարածաշրջանի բոլոր պետութիւններու շահերուն”, – ընդգծած է ան։