Շաբաթ, Մարտ 26-ին, Մոսկուա ամբաստանած է Ազէրպայճանը՝ ռուսական խաղաղապահ ուժերու վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածք զօրքեր մտցնելով՝ 2020-ին Արցախի պատերազմէն յետոյ Հայաստանի հետ ստորագրուած հրադադարը խախտելու մեղադրանքով։
Հակառակ Հայաստանի եւ Ազէրպայճանի զինուած ուժերուն միջեւ միջադէպերու յաճախակի բնոյթին՝ 2020-ի հակամարտութեան աւարտէն ի վեր այս մէկը առաջին դէպքն է, ուր Մոսկուա կը մեղադրէ կողմերէն մէկը զինադադարը խախտելու յանցանքով։
«Մարտ 24-ին եւ 25-ին Ազէրպայճանի զինուած ուժերը խախտած են Ռուսաստանի, Ազէրպայճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու եռակողմ համաձայնութիւնը (…)՝ մտնելով Լեռնային Ղարաբաղի՝ ռուս խաղաղապահներու պատասխանատւութեան տակ գտնուող տարածք»,– ի միջի այլոց ըսուած է Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան (ՊՆ) այս մասին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։
Ըստ Ռուսաստանի ՊՆ-ին՝ ազէրպայճանական բանակը հաստատած է դիտակէտ եւ «Պայրաքթար» անօդաչու սարքերով չորս հարուած հասցուցած է ղարաբաղեան ուժերուն, Փառուխ գիւղի մօտակայքը։
«Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութիւնը քայլերու կը ձեռնարկէ իրավիճակը կարգաւորելու համար… ազէրպայճանական կողմին՝ զօրքերը ետ քաշելու կոչ ուղղուած է»,– նաեւ ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Ռուսական դիւանագիտութիւնը յայտնած է իր «խոր մտահոգութիւնը»։