Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա յայտարարած է, որ իր երկիրը միշտ հետեւողականօրէն ձգտած է Արցախեան հակամարտութեան քաղաքական-դիւանագիտական կարգաւորման։
«Արմէնփրէս»-ի՝ Մոսկուայի թղթակիցին համաձայն՝ շաբական զրոյցի ընթացքին Զախարովա նշած է, որ հրապարակուած փաստաթուղթերուն առնչութեամբ ռուսական կողմը նպատակայարմար կը համարէ ներկայացնել իր գնահատականը։
“ՄԱԿ-ի եւ ԵԱՀԿ-ի հրապարակուած փաստաթուղթերը, որոնց մշակման ու ընդունման Ռուսաստան աշխուժօրէն նպաստած է, կը հաստատեն, որ երեք տասնամեակ շարունակ մեր երկիրը՝ որպէս միջնորդ եւ Մինսքի խումբի համանախագահ, հետեւողականօրէն ձգտած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան քաղաքական-դիւանագիտական կարգաւորման”,– նշած է ան։
Մարիա Զախարովա աւելցուցած է, որ այդ մօտեցումը միշտ հիմնուած եղած է գլխաւոր երկու սկզբունքներու հաւասարակշռութեան վրայ՝ Ազերպայճանի Հանրապետութեան հողային ամբողջականութեան յարգանքին եւ Արցախի բնակչութեան իրաւունքներու ու շահերու ապահովման՝ միջազգայնօրէն ճանչցուած չափանիշներու ու սկզբունքներու համաձայն։ ■