Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Իրանի իր պաշտօնակից Հոսէյն Ամիր Ապտուլահիանի հետ հեռաձայնային զրոյցին, ի շարս այլ հարցերու անդրադարձած է նաև «3+3» ձևաչափի՝ Հարաւային Կովկասի հարցերու՝ տարածաշրջանային խորհրդակցական հարթակին: Ան ողջունած է Իրանի կողմէ «3+3»-ի յաջորդ հանդիպման հիւրընկալումը:
Լաւրով նաև յոյս յայտնած է, որ այդ համաժողովը պիտի ապահովէ տարածաշրջանային երկիրներուն շահերը եւ պիտի ամրապնդէ շրջանի կայունութիւնն ու ապահովութիւնը: