ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ – Հայկական տուֆ քարի վրայ փորագրուած յուշարձանը պիտի տեղադրուի Կիրով քաղաքին մէջ

Ռուսաստանի Հայերու միութենէն կը հաղորդեն.

«Հայկական տուֆ քարի վրայ փորագրուած եզակի յուշարձան՝ քար մը, որ դարերէ ի վեր հիմնական շինանիւթ ծառայած է տաճարներու, յուշարձաններու եւ ամբողջ քաղաքներու համար, Հայաստանի սրտէն հասած է Կիրով։ Տուֆը պարզապէս քար մը չէ։ Ան կը պահպանէ լեռներու շունչը, արեւու ջերմութիւնը եւ հայոց երկրի հազարամեայ պատմութիւնը։ Իր ամրութեան եւ վեհ հիւսուածքին շնորհիւ տուֆը դարձած է տոկունութեան, հաւատքի եւ աւանդութեան խորհրդանիշ։ 

Այս յուշարձանը Կիրովի եւ շրջանի բոլոր բնակիչներուն կը նուիրուի այստեղ ապրող մեր հայրենակիցներուն կողմէ։ Ան պիտի դառնայ ոչ միայն քաղաքի զարդը, այլեւ Հայաստանի եւ Ռուսաստանի բարեկամութեան յաւերժական խորհրդանիշը»։