ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ – Ղրիմի կամուրջը օդը հանելու յանցանքով մեղադրուող հայերը դատապարտուած են ցմահ բանտարկութեան

Ռոս­թո­վի դա­տարա­նը Նո­յեմ­բեր 27-ին ցմահ բան­տարկու­թեան դա­տա­պար­տած է ութ ան­ձեր, որոնք կը մե­ղադ­րուէին 8 Հոկ­տեմբեր 2022-ին Ղրի­մի կա­մուրջը օդը հա­նելու յան­ցանքով։ Անոնց կար­գին են նաեւ Հա­յաս­տա­նի քա­ղաքա­ցի Ար­թուր Թեր­ջա­նեանը եւ Քրաս­նո­տարի երկրա­մասի Ար­մա­ւիր քա­ղաքը բնա­կող հա­յազ­գի գոր­ծա­րար­ներ՝ Գէոր­գի եւ Ար­տիոմ Ազա­տեան­ը։

Ռու­սաստա­նի դա­տախա­զու­թեան պնդու­մով՝ կա­մուրջին վրայ կա­տա­րուած յար­ձակման ըն­թացքին օգ­տա­գոր­ծուած պայ­թուցի­կը Ռու­սաստան մտցուած է Հա­յաս­տա­նի քա­ղաքա­ցի Թեր­ջա­նեանի բեռ­նա­տարով։ Հե­տագա­յին ան պա­հուած է Ազա­տեան եղ­բայրնե­րուն պատ­կա­նող պա­հես­տին մէջ։

Թեր­ջա­նեանը, Ազա­տեան­ եղբայրները եւ միւս հինգ ամ­բաստա­նեալ­նե­րը իրենց մեղ­քը չեն ըն­դունած։ ■