Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ռուս խաղաղապահները արգիլած են հայ երեսփոխաններու Արցախ մուտքը

ՀՀ Ազգային ժողովի ընդդիմութեան երեսփոխանները, որոնք յայտարարած էին թէ պիտի չմասնակցին նիստերուն ու պիտի մեկնին Արցախ, Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբի ծառայողներուն կողմէ ետ դարձուած են Արցախի ճամբէն։ Այս մասին հաղորդած է նաեւ ՀՀ ԱԺ փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան։

Ըստ «Արմէնփրէս»-ի՝ այս կապակցութեամբ ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը, հակազդելով ռուս խաղաղապահներու այս վերաբերումին՝  Ապրիլ 12-ին հրապարակած է յայտարարութիւն մը, ուր նշուած է.-

«Նշուած գործողութիւնը հակասում է 2020 Նոյեմբերի 9-ի եռակողմ յայտարարութեան, որով նախատեսւում է Լաչինի միջանցքով Լեռնային Ղարաբաղի անխափան կապը Հայաստանի հետ։ Բոլոր կողմերը պէտք է խստօրէն հետեւեն Յայտարարութեան տառին ու ոգուն, ինչպէս նաեւ իրականացնեն ստանձնած պարտաւորութիւնները»։