Մինչ ռուս-ուքրաինական պատերազմը կը շարունակուի եւ հրադադար ձեռք ձգելու միտումով կազմակերպուող բանակցութիւնները առաժմ ապարդիւն կը մնան, Ուքրաինայի նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի կը փորձէ աշխարհը զօրաշարժի ենթարկել, ԱՄՆ-էն Գերմանիա, անցնելով Ֆրանսայէն։
Այսպէս, ուքրաինացի ղեկավարը Մարտ 16-ին հեռակայ կապով, հսկայական պաստառէ մը դիմած է ամերիկեան Գոնկրէսին, որուն անդամները յոտնկայս ծափահարութիւններով ողջունած են զայն, մինչ Ներկայացուցիչներու պալատի նախագահը գոչած է «Slava Ukraina» («Փա՛ռք Ուքրաինային»)։
Զելենսքի իր ճառին մէջ յիշելով Ամերիկայի նորօրեայ պատմութեան դժուար օրերը՝ Փըրլ Հարպըրէն Սեպտեմբեր 11-ի ահաբեկչութիւնը, եւ զուգահեռ մը գծելով այդ դժուար պահերուն եւ իր երկրի ներկային միջեւ, փորձած է ամերիկացի խորհրդարանականներու կարեկցանքը ապահովել ու յատկապէս կոչ ըրած է օգնելու իր երկրին օդային տարածքը փակելու (այլ խօսքով՝ օդային ամբողջական պաշտպանութիւնը ապահովելու), ինչ որ ԱՄՆ շատ տաք աչքով չի դիտեր, այդ քայլը նկատելով բացէ ի բաց ճակատում Ռուսաստանի հետ։ Բայց եւ այնպէս, ԱՄՆ-ու նախագահ Պայտըն խոստացած է 800 միլիոն եւրօ ռազմական նոր օգնութիւն ցուցաբերել Ուքրաինայի։
Պայտըն նաեւ Փութինը որակած է պատերազմական յանցագործ, ինչ որ խիստ զայրացուցած է Քրեմլինը, որու բանբեր Տմիթրի Փեսքով անմիջապէս հակազդելով յայտարարած է, թէ կը զարմանան լսելով նման խօսքեր նախագահին բերնէն այնպիսի երկրի մը, որու արձակած ռումբերը, աշխարհի չորս կողմերը, հարիւրհազարաւոր մարդկային կեանք խլած են։
Զելենսքի յաջորդ օր՝ Մարտ 17-ին ալ նոյն ձեւով դիմած է Գերմանիոյ խորհրդարանին՝ Պունտեսթակին, որու ալ կոչ ըրած է «քանդելու Եւրոպայի մէջ, ռուսական ներխուժումով՝ ազատութեան դէմ բարձրացուող նոր “Պատ”-ը»։
Զելենսքիի իշխանութիւնը առջի օր ալ ֆրանսական կառավարութեան ղրկած էր «երեւակայական» տեսանիւթ մը, ուր Փարիզ եւ յատկապէս Էյֆէլեան աշտարակը ցոյց կը տրուէին ռումբերու տակ, ըսելու համար՝ «ա՛յս է որ մենք կ՚ապրինք ներկայիս. կրնայ պատահիլ ձեզի ալ»։
Յամենայն դէպս համայն աշխարհը զօրաշարժի ենթարկելու Զելենսքիի ջանքերը ակնյայտ են, ինչ որ յղի է հակամարտութիւնը համաշխարհային դարձնելու հսկայ վտանգով։ Պատերազմի մէջ գտնուող երկրի մը ղեկավարին արտօնելի՞ է նման կեցուածք, թէ՞ խիստ դատապարտելի։ Դատումը կը մնայ իւրաքանչիւրին։
Նշենք նաեւ որ առջի օր Մոսկուա յայտարարած էր, թէ համաձայնութեան եզր մը կարելի է գտնել, եթէ Ուքրաինա յօժարի դառնալ անկողմնակալ երկիր՝ Ֆինլանտիայի կամ Աւստրիոյ օրինակով (որոնք ՕԹԱՆ-ի անդամ չեն)։ Գաղափարը մերժուած է Քիեւի կողմէ։ ■