Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին Փետրուար 21-ին ստորագրած երկու հրամանագրերով ճանչցած է Ուքրաինայի Տոնեցքի եւ Լուկանսքի ինքնահռչակ, ռուսամէտ «ժողովրդական հանրապետութիւն»-ները։ Ռուսաստանի եւ նշեալ «հանրապետութիւն»-ներու ղեկավարները բարեկամութեան, գործակցութեան եւ փոխադարձ օգնութեան մասին պայմանագրեր ստորագրած են։
Փութին այս առթիւ հաստատած է.– “Մինչեւ 1917 թուական Ուքրաինա գոյութիւն չէ ունեցած։ Ուքրաինան ստեղծած է Լենինը … Ստորագրեցի Տոնեցքի եւ Լուկանսքի Հանրապետութիւններու անկախութիւնը ճանչնալու մասին հրամանագիրը։ Կը դիմեմ Ռուսաստանի Դաշնակցութեան Տումային՝ վաւերացնելու զայն”։
Ռուսաստան իր այս քայլով պաշտօնականացուցած եղաւ Ուքրաինայի մասնատումը, ռուս-ուքրաինական տագնապը հասցնելով գագաթնակէտին։
Յաջորդ օր՝ Փետրուար 22-ին, Ռուսաստանի Պետական Տումայի երեսփոխանները միաձայնութեամբ թեր քուէարկած են Ուքրաինայի արեւելքը գտնուող այդ «ժողովրդական հանրապետութիւն»-ներուն հետ բարեկամութեան եւ համագործակցութեան պայմանագրերու վաւերացումին։
Ռուսաստանի օրէնսդիր մարմինի անդամները այս օրէնքին ընդունումը ողջունած են բուռն ծափահարութիւններով։
Այսպէսով, փաստաթուղթերը ի զօրու դարձած են հրապարակման օրը, այսինքն՝ Փետրուար 22-ին։
Նոյն օրը կը շրջէին լուրեր, ըստ որոնց՝ ռուսական զօրքերը արդէն մտած էին Տոնպաս, անորոշութիւններով եւ մտահոգիչ զարգացումներով լի նոր ժամանակաշրջան մը բանալով այս տագնապին մէջ։
Անգարա անընդունելի համարած է
Տոնեցքն ու Լուկանսքը իբրեւ անկախ պետութիւններ ճանչնալու որոշումը
Անգարա անընդունելի համարած է Տոնպասի շրջանի՝ այսպէս կոչուած Տոնեցքի եւ Լուկանսքի ժողովրդական հանրապետութիւնները որպէս անկախ պետութիւններ ճանչնալու Մոսկուայի որոշումը:
«Ռուսաստանի որոշումը կը հակասէ Մինսքի համաձայնագրերով իր ստանձնած պարտաւորութիւններուն, բացայայտօրէն կը խախտէ Ուքրաինայի քաղաքական միասնութիւնը, ինքնիշխանութիւնն ու հողային ամբողջականութիւնը»,– նշուած է Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած յայտարարութեան մէջ, ուր ընդգծուած է Անգարայի աջակցութիւնը՝ Ուքրաինայի քաղաքական միասնութեան ու հողային ամբողջականութեան պահպանման, կողմերուն կոչ ընելով ողջմտութիւն ցուցաբերելու եւ յարգելու միջազգային իրաւունքը:
ԱՄՆ խստօրէն կը դատապարտէ ռուսական քայլը
Պլինքըն.– “Ռուսաստանի որոշումը միջազգային իրաւունքի նկատմամբ անյարգալից վերաբերումի օրինակ մըն է”
ԱՄՆ խստօրէն դատապարտած է Փութինի այս որոշումը։
Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է.-
«Ռուսաստանի որոշումը՝ Փութինի կողմէ միջազգային իրաւունքի եւ չափանիշերու նկատմամբ անյարգալից վերաբերումի օրինակ մըն է եւ կը հակասէ Ուքրաինայի ինքնիշխանութեան եւ հողային ամբողջականութեան սկզբունքին»։
Ներկայիս, Ուաշինկթըն լծուած է Ռուսաստանի դէմ սահմանուելիք պատիժներու մշակման ծաւալուն գործին։ ■