Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՌՈՒՍ-ՈՒՔՐԱԻՆԱԿԱՆ ՏԱԳՆԱՊ. Ռուսաստան ձեռնարկեց ռազմական ստուարածաւալ գործողութեան

Պատերազմը սկսած է

Վերոնշեալ խորագրին մէջի «տագնապ» բառը այսուհետեւ դժբախտաբար հարկ պիտի ըլլայ փոխարինել «պատերազմ»-ով, քանի որ Փետրուար 24-ի առաւօտեան կանուխ ժամերուն ռուսական բանակը ստուարածաւալ ռազմական գործողութեան ձեռնարկեց ընդդէմ Ուքրաինայի։ 

Ֆրանսական ժամով առաւօտեան 6-ին Փութին հրահանգած է սկսիլ գործողութիւնը, որմէ անմիջապէս ետք ռուսական զօրքերը ցամաքէն եւ օդէն ներխուժած են Ուքրաինա, նաեւ մուտք գործելով Պելառուսէն։ 

Անմիջապէս ետք փակուած է ուքրաինական օդային տարածքը եւ հակահրթիռային ահազանգներ սկսած են լսուիլ Լվով քաղաքին մէջ։ 

Ուքրաինայի նախագահը՝ Զելենսքի, որ մինչեւ վերջ խաղաղութեան կոչեր կ՚ընէր, այս յարձակումէն ետք իր բանակին հրահանգած է առաւելագոյնս զոհեր պատճառել հակառակորդին, մինչ միւս կողմէ, ռուսական բանակը կը յայտարարէր, թէ արդէն որոշ տարածքներ գրաւած է։ 

Նոյն օրը կէսօրին կը շրջէին լուրեր, ըստ որոնց ռուսական զօրքերը արդէն բաւական մօտերը հասած են մայրաքաղաք Քիեւի։ Այնքան մօտերը որ՝ կ՚ըսուէր թէ Ռուսերը օդային յարձակում մը գործած են Քիեւէն միայն 15 քմ. հեռու գտնուող շրջանի մը վրայ։ 

Քրեմլին յայտարարած է, թէ այս պատերազմը պիտի տեւէ այնքան ատեն, որքան հարկ ըլլայ։

ԸՆդհարումին 12 ժամն իսկ չլրացած, արդէն երկու կողմերը տասնեակներով զոհեր ունէին։ Ուքրաինական կողմի զոհերուն մէջ կան խաղաղ քաղաքացիներ ալ, որոնք թիրախ դարձած են օդային ռմբակոծումներու։

Ինչպէս տագնապին սկիզբէն, այսինքն շաբաթներէ ի վեր Եւրոպական Միութիւնը խիստ ազդարարութիւններ կը յղէր Մոսկուային, այս յարձակումէն ետք ալ սպառնացած է թէ՝ «Քրեմլին հաշիւ պիտի տայ» ըրածներուն համար։ Ասկէ անջատաբար, Ֆրանսա իր զօրակցութիւնը յայտնեց Ուքրաինային, ինչպէս նաեւ՝ ԱՄՆ-ն։ 

Նախագահ Մաքրոն նոյն օրը՝ Փետրուար 24-ին յայտարարեց, թէ Ֆրանսա «այս ռազմական արարքին պիտի պատասխանէ առանց թուլացումի» եւ պիտի ամրապնդէ իր զօրակցութիւնը Ուքրաինային, ներառեալ՝ ռազմական առումով։

Այս պատերազմին ուղղակի մէկ այլ հետեւանքն ալ այն է, որ համաշխարհային շուկաները խուճապի մատնուած են։ Նաւթի մէկ տակառին գինը, եօթը տարիէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով գերազանցած է 100 տոլարը։ 

 

Ռուսական բանակը ոչնչացուցած է «Պայրաքթար»-ներու Տոնպասի ռազմակայանը

«Ինթերֆաքս» լրատու գործակալութեան համաձայն՝ ռուսական բանակը յաջողած է հարուածել ուքրաինական բանակին ձեռք բերած թրքական «Պայրաքթար»-ներու ռազմակայանը, ամբողջութեամբ ոչնչացնելով անօդաչու սարքերը։

Նշենք, թէ Արցախի դէմ ազէրպայճանա-թրքական յարձակումէն յետոյ, Ուքրաինայի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հարիւրաւոր «Պայրաքթար»-ներ գնած էր, Տոնպասի մէջ օգտագործելու համար։

  

Ուքրաինայի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը մնայուն կապի մէջ է ՀՀ քաղաքացիներուն հետ

Ուքրաինայի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը կը հաղորդէ, թէ ամբողջ կազմով կ՚աշխատի եւ մնայուն կապի մէջ է ՀՀ քաղաքացիներուն հետ։

Դեսպանութիւնը հրապարակած է նաեւ հեռաձայնի թիւեր իրենց հետ կապուելու համար.-

+380442349005, +380671090506, +380689602524, +380685000782:

Տոնեցքի մարզի Հայերու միութեան նախագահ Վահագն Մաթեւոսեան կը հաղորդէ.-

«Տոնեցքի Մարիուփոլ քաղաքին մէջ ռմբակոծութեան ձայներ կը լսուին, խուճապ կը տիրէ, Հայերու մէկ մասը կը տարհանուի»

“Ես հիմա կը գտնուիմ Մարիուփոլ քաղաքը, ռմբակոծութեան ձայներ կը լսուին,  խուճապի մթնոլորտ կը տիրէ։

Մենք այս ամէնը կանխատեսելով՝ նախօրօք պատրաստուած էինք. մեր հայրենակիցներէն ով որ ուզած է՝ տարհանուած է, իսկ անոնց հետ, որոնք որոշած են մնալ իրենց բնակարաններուն մէջ՝ անընդհատ կապի մէջ ենք։ Ընդհանուր առմամբ հոգեբանական լարուած վիճակ կը տիրէ։ Սա պահուս կրնամ ըսել, թէ բնակչութեան կէսէն աւելին չ՚ուզեր լքել իր տունը”,– կը հաղորդէ Վահագն Մաթեւոսեան։

Իսկ թէ որքան հայ տեղահանուած է,  Մաթեւոսեան ըսած է, թէ յստակ թիւեր չկան։ 

“Հայերու մեծ մասը գնաց Տնեբրոփեթրովսք, մենք համաձայնեցանք, որ տարհանուածները հաւաքուին հայկական եկեղեցւոյ մօտ, ուր զանոնք կը դիմաւորեն հայ համայնքի ներկայացուցիչները, առաջին անհրաժեշտութեան օգնութիւն ցոյց կու տան, եւ յետոյ ալ իւրաքանչիւրը կ՚երթայ իր ազգականին, ծանօթին տունը”,– ըսած է Մաթեւոսեան եւ աւելցուցած, թէ իրենք մնայուն կապի մէջ են Հայաստանի՝ Քիեւի դեսպանատան հետ։