Սամուէլ Կարապետեան՝ ԱԱԾ-էն. «Քանի մը ամիս ետք պիտի շնորհաւորենք զիրար արդարութեան յաղթանակին առթիւ»

«Ընդամէնը քանի մը ամիս ետք պիտի շնորհաւորենք զիրար արդարութեան յաղթանակին առթիւ»։ Այս մասին Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) մեկուսարանէն ուղերձ մը ղրկած է «Թաշիր» ընկերութիւններու խումբի սեփականատէր Սամուէլ Կարապետեան։

Ուղերձին մէջ կ՚ըսուի.

«Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Շնորհակալ եմ ձեզի այն մեծ աջակցութեան համար, որ ստացայ ձեզմէ անցնող օրերուն։ Թէ՛ փողոցին վրայ՝ հանրահաւաքի, թէ՛ դատարանին առջեւ՝ միասնականութիւն ցուցաբերելու, թէ՛ ձեր տուներուն մէջ՝ պաստառին նայելով ու արդարութեան սպասելով, ձեր աջակցութիւնը տեսանելի է, չափազանց թանկ է ինծի համար ու պարտաւորութիւններու առջեւ դնող։

Կը պատկերացնեմ, թէ որքա՛ն մտահոգուած էք ու յուսախաբ այս շրջանին տեղի ունեցած խայտառակ ապօրինութիւններէն եւ լիրբ դատավարութիւններէն։

Այսօր կը դիմեմ ձեզի մէկ կոչով՝ մի՛ յուսահատիք։ Մի՛ կարծէք, թէ փոքրիկ խմբակը իրեն համար դրական արդիւնքի մը հասած է։ Սրբութիւնները ոտնահարելով, բանտերը լեցնելով, գոյք խլելով ու վախի մթնոլորտ ձեւաւորել փորձելով՝ գուցէ առաւելագոյնը 6 ամիս եւս պահես իշխանութիւնդ, բայց երկիր չե՛ս պահեր, երկրի արժանապատւութիւնը չե՛ս վերականգներ, քու քաղաքացիներու կեանքը չե՛ս բարելաւեր, պետութեան խնդիրները չե՛ս լուծեր։

Նպատակասլացութիւնը բնորոշ է մեզի, մեր ժողովուրդին, որուն պատմութիւնը բազմաթիւ ծանր շրջաններ ունեցած է։ Մենք, հակառակ ամէն ինչի՝ միշտ ալ յաղթահարած ենք բոլոր դժուարութիւնները ու շարունակած մեր ճանապարհը՝ ի հեճուկս մեր թշնամիներուն բոլոր ջանքերուն։ Այդպէս պիտի ըլլայ նաեւ հիմա, մի՛ կասկածիք։

Ընդամէնը քանի մը ամիս ետք պիտի շնորհաւորենք զիրար արդարութեան յաղթանակի, արժանապատւութեան վերականգնման, չարիքի պարտութեան ու Հայաստանի համար նոր՝ բարեկեցութեան ու խաղաղութեան ժամանակաշրջանի սկիզբի կապակցութեամբ։

Ուրեմն՝ կը շարունակենք պայքարը ու կ՚երթանք դէպի անվերապահ յաղթանակ՝ մե՛ր ձեւով»։