Սա­մուէլ Կա­րապե­տեանի բան­տարկու­թեան պայ­մա­նաժա­մը եր­կա­րաձ­գուած է եր­կու ամիս

«Տա­շիր» ըն­կե­րու­թիւննե­րու խումբի հիմ­նա­դիր, գոր­ծա­րար Սա­մուէլ Կա­րապե­տեանի բան­տարկու­թեան պայ­մա­նաժա­մը եր­կու ամիս եր­կա­րաձ­գուած է։ Այս մա­սին դա­տական նիս­տէն ետք լրագ­րողնե­րուն յայտնած է անոր փաս­տա­բանը՝ Արամ Վար­դե­ւանեան։

Կա­րապե­տեանի բան­տարկու­թեան պայ­մա­նաժա­մը եր­կա­րաձ­գե­լու հար­ցը դա­տարա­նը քննած էր Նո­յեմ­բեր 17-ին։ Սա­մուէլ Կա­րապե­տեանը կա­լան­քի տակ է Յու­նիս 18-էն ի վեր։ Անոր դէմ մե­ղադ­րանք յա­րու­ցուած է իշ­խա­նու­թիւնը գրա­ւելու եւ սահ­մա­նադ­րա­կան կար­գը տա­պալե­լու հրա­պարա­կային կո­չեր հնչեց­նե­լու յան­ցանքով։

Հոկ­տեմբեր 13-ին Քննչա­կան կո­միտէն յայտնած էր, որ Սա­մուէլ Կա­րապե­տեանի մե­ղադ­րանքը փո­փոխուած է եւ աւել­ցուած են Քրէական օրէնսգիր­քի 296-րդ յօ­դուա­ծի 3-րդ մա­սի 2-րդ եւ 3-րդ կէ­տերը (իշ­խա­նական կամ ծա­ռայո­ղական լիազօ­րու­թիւննե­րը կամ անոնցմով պայ­մա­նաւո­րուած ազ­դե­ցու­թիւնը օգ­տա­գոր­ծե­լով առանձնա­պէս մեծ չա­փով ապօ­րինի գու­մա­րի օրի­նակա­նացում [փո­ղերու լուացում])։ Կա­րապե­տեան չ՚ըն­դունիր իր դէմ յա­րու­ցուած այս մե­ղադ­րանքները։