Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը կ՚ողջունէ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի նախաստորագրումն ու Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու անմիջական ներգրաւումը այդ գործընթացին մէջ:
Այս բեկումնային իրադարձութիւնը նախ եւ առաջ մեծապէս կը նուազեցնէ պատերազմի վերսկսման վտանգը, որ Դամոկլեան սուրի նման կը շարունակէր կախուած մնալ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխուն վրայ եւ կը ստեղծէ բոլոր նախադրեալները հասնելու համար մնայուն խաղաղութեան, բանալով լայն հորիզոններ տարածաշրջանային տնտեսական համագործակցութեան ու բարգաւաճման:
Այդ ամէնը անշուշտ կ՚ենթադրէ խաղաղութեան համաձայնագիրի շուտափոյթ ստորագրում, իսկ այդ առումով լիայոյս ենք, որ նախագահ Թրամփի վարչակազմը՝ ի տես ազերպայճանական կողմի մինչ նախաստորագրման պահը դրսեւորած ապակառուցողական վարքագծին ու հռետորաբանութեան, ոչ միայն սկզբունքային ու հետեւողական կ՚ըլլայ այդ քայլի իրականացման ուղղութեամբ, այլ նաեւ հետամուտ կ՚ըլլայ բոլոր հայ ռազմագերիներու ազատ արձակման ու Արցախէն տեղահանուած մեր հայրենակիցներուն անվտանգ ու անխոչընդոտ վերադարձի ապահովման:
Անտարակոյս, սա իրական խաղաղութեան գործընթացի միայն սկիզբն է եւ յառաջիկային դեռ շատ աշխատանք ու մարտահրաւէրներ կը սպասուին: Այսուհանդերձ, մենք կը մնանք լաւատես հայրենիքի ապագայով եւ յուսադրուած այն հեռանկարով, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը անկախացումէն ի վեր առաջին անգամ պիտի ունենայ բարի դրացիական յարաբերութիւններ իր բոլոր հարեւաններուն հետ, բազմապատկելով արտաքին աշխարհի հետ իր առեւտրային եւ հաղորդակցութեան միջոցները: Իսկ ԱՄՆ-ու հետ ստորագրուած յուշագրերով պիտի դառնայ կարեւոր օղակ եւ մասնակից՝ միջազգային ու տարածաշրջանային լայնամասշտաբ տնտեսական ծրագրերու, որոնք իրենց կարգին կարելիութիւն պիտի ստեղծեն կերտելու բոլորիս երազած ազատ, ինքնիշխան, ժողովրդավար ու բարգաւաճող հզօր Հայաստանը:
ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութիւն
2025 Օգոստոս 9
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։