Ֆրանսահայ բեմադիր, դերասան եւ ֆիլմարտադրող Սերժ Աւետիքեան յառաջիկայ գարնան կը սկսի իր նոր ժապաւէնին՝ «The Last Round in Istanbul» նկարահանումները:
«Արմէնփրէս»-ի հետ զրոյցին, Աւետիքեան պատմած է, թէ գլխաւոր հերոսը իռլանտացի կռփամարտիկ մըն է, որ կը սիրահարի հայ աղջկան մը։ Անոնք կը մեկնին Ճիպութի, այնուհետեւ՝ Պոլիս։
“Այս ֆիլմով կ՚ուզեմ ըսել, թէ ինչո՛ւ մենք դարձանք գաղթականներ, ինչո՛ւ մեր ապագան ստիպուած եղանք կառուցել կորուստի վրայ: Նոր սերունդին կ՚ուզեմ պատմել, որ ստիպուած էին այդպէս ընել։ Շատ կը փափաքիմ, որ մենք հոգեբանօրէն աւելի կայուն, ամուր ըլլանք, քանի որ կորուստի վրայ կառուցել այլեւս կարելի չէ: Մտածելակերպի հարց է. պէտք է փորձենք զարգացնել մշակոյթը, մեր լեզուն”,– նշած է ան եւ շեշտած, որ անհրաժեշտ է կրկին կարդալ Րաֆֆիի ստեղծագործութիւնները, վերընթերցել «Խաչագողի յիշատակարանը», յիշել թէ՝ ուրկէ՛ եկած ենք եւ ինչպէ՛ս վերածնած ենք:
Ըստ Աւետիքեանի՝ մշակոյթը շատ մեծ դերակատարութիւն ունի երկրի մը յառաջընթացին մէջ: “Րաֆֆին մեծ գործ կատարած է վէպի միջոցով: Ես Րաֆֆիին չեմ կրնար հասնիլ, բայց սինեմայի միջոցով ըսելիքս տեղ կը հասցնեմ”,– ընդգծած է ան: