Յունիս 16-ին, Alpha News-ին տուած հարցազրոյցին, Արցախի Արտաքին գործոց նախարար Սերկեյ Ղազարեան պատասխանելով «Արցախի եւ Հայաստանի ղեկավարութիւնը արդեօք ունի՞ն գործողութիւններու համակարգուած օրակարգ՝ ռազմաքաղաքական, տնտեսական եւ մարդասիրական ճգնաժամի կարգաւորման ուղղութեամբ» հարցումին, ըսած է, որ Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ գերատեսչական համագործակցութիւն կայ, բայց այդ չի նշանակեր, որ բոլոր հարցերու շուրջ ունին նոյն տեսակէտերը։
“Մենք տարբեր հանդիպումների ժամանակ բազմիցս յայտարարել ենք եւ բաւականին բաց կերպով պաշտպանում ենք մեր կարծիքը, թէ՝ հայ ժողովրդի առջեւ ծառացած սպառնալիքները չեն կարող ընկալուել առանձին ձեւաչափով, չկան Արցախին սպառնացող կամ Հայաստանին ուղղուած սպառնալիքներ։ Այստեղ ազգային պետութեան գոյութեան սպառնացող վտանգների հարց կայ։ Մեր խորին համոզմամբ՝ այս սպառնալիքները յետ մղելու համար ո՛չ միայն Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութեան, այլ նաեւ անհրաժեշտ է համախմբել համահայկական կարողութիւնների ողջ ներուժը։ Առանց դրա շատ դժուար կը լինի յաղթահարել բոլոր խնդիրներն ու սպառնալիքները”,– յայտարարած է նախարարը։