Խոսէփ Պորէլ
«Եւրոպական Միութիւնը յանձնառու չէ ուժային լծակներ կիրարկելով՝ որեւէ բան պարտադրելու Ազերպայճանին»
Յունիս 13-ին, Եւրոպական խորհրդարանին մէջ «Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ յարաբերութիւնները եւ Արցախի ու Բերձորի միջանցքին տիրող իրավիճակը» նիւթին շուրջ քննարկումին, Եւրոպական Միութեան Արտաքին գործոց եւ ապահովութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Խոսէփ Պորէլ յայտարարած է, թէ Բերձորի միջանցքին Ազերպայճանի կողմէ անցակէտի տեղադրումը կը հակասէ կողմերու միջեւ վստահութիւն հաստատելու ջանքերուն:
Հարցում-պատասխանի ընթացքին Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխան Ֆրանսուա-Զաւիէ Պելամի քննադատած է Բերձորի միջանցքի շրջափակումը։
“Արդարադատութեան միջազգային ատեանը դատապարտած է Ազերպայճանի կողմէ շրջափակումը, սակայն այս պետական ահաբեկչութիւնը որեւէ պատիժի չէ ենթարկուած։ Իսկ Եւրոպական յանձնաժողովը, ըստ երեւոյթին անկարող է պատշաճօրէն դատապարտելու Արցախի ժողովուրդի հիմնական իրաւունքներու այսքան լուրջ խախտումը”,– նշած է երեսփոխանը:
Ֆրանսուա-Զաւիէ Պելամի
Անդրադառնալով այս հարցին Պորէլ յայտնած է, որ Բերձորի միջանցքը Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան պատասխանատւութեան աշխարհագրական գօտիէն դուրս կը գտնուի․ “Կան տարածքային գօտիներ, Հայաստանի հետ սահմանային հատուածներ, ուրկէ տեսանելի է թէ ի՛նչ կը կատարուի Բերձորի միջանցին։ Սակայն միջանցքը ինքնին առաքելութեան իրաւասութիւններու եւ անոր պատասխանատւութեան գօտիին մէջ չէ: Այժմ կը փորձենք յստակ ա՛յս հարցին համար լուծում գտնել”:
Եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահ Պորէլ նաեւ ըսած է, որ Մոլտովայի մէջ շատ կարեւոր հնգակողմ հանդիպում տեղի ունեցաւ եւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլի հետ հանդիպում մը եւս կը նախատեսուի Յուլիսին, Պրիւսէլի մէջ, ըսել է թէ հայ-ազերպայճանական հակամարտութիւնը լուծելու ուղղութեամբ ջանքերը կը շարունակուին։
Միեւնոյն ատեն, Պորէլ առիթէն օգտուելով շեշտած է, թէ Եւրոպական Միութիւնը յանձնառու չէ ուժային լծակներ կիրարկելով՝ որեւէ բան պարտադրելու Ազերպայճանին։