ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿ – Հայաստանի վարչապետը կը մասնակցի ԵԽԽՎ-ի նիստերուն

Փաշինեան-Պերսէ հանդիպումէն

Վարչապետ Փաշինեան Սեպտեմբեր 29-ին Նիւ Եորքէն Փարիզ հասած է, ապա ճեպընթացով (TGV) Սթրազպուրկ մեկնած՝ մասնակցելու համար Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) Սեպտեմբեր 29-ին սկսած նիստերուն, որոնք պիտի շարունակուին մինչեւ Հոկտեմբեր 3։ Սեպտեմբեր 30-ին նախատեսուած էր վարչապետին ելոյթը՝ Եւրոպայի խորհուրդի ամպիոնէն, ԵԽԽՎչորրորդ նստաշրջանի լիագումար նիստին։

Այս այցելութեան շրջանակին մէջ ծրագրուած էին շարք մը հանդիպումներ՝ ԵԽԽՎի նախագահ Թէոտորոս Ռուսոփուլոսի, Եւրոպայի խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ալէն Պերսէի, Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանի (ՄԻԵԱ) նախագահ Մաթիաս Կիյոմարի, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի խորհուրդի մարդկային իրաւանց  յանձնակատար Մայքըլ ՕՖլաերթիի հետ։

Հայաստան Եւրոպայի խորհուրդը կը դիտէ որպէս ժողովրդավարական զարգացման ռազմավարական գործընկեր

Սեպտեմբեր 29-ին, վարչապետին՝ Եւրոպայի խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ալէն Պերսէի հետ հանդիպումին՝ վերջինս բարձր գնահատած է Եւրոպայի խորհուրդի ու Հայաստանի կառավարութեան միջեւ հաստատուած աշխուժ եւ արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը եւ աւելցուցած, որ ան նպաստած է Հայաստանի մէջ սահմանակարգուած բարեփոխումներու իրագործման։ Պերսէ վստահութիւն յայտնած է, որ եմիասնաբար նախատեսուած ծրագրերը հետագային եւս յաջողութեամբ պիտի իրականացուին։

Հայաստանի վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնած է ջերմ ընդունելութեան համար եւ նշած, որ այս այցը՝ 2019-ի առաջին այցէն վեց տարի ետք, տեղի կ՚ունենայ կարեւոր ժամանակաշրջանի մը։ Ըստ Փաշինեանի՝ Հայաստան յաղթահարելով վերջին հինգ տարիներու բարդ մարտահրաւէրները՝ կը գտնուի իր զարգացման շրջադարձային կէտին։ Ըսած է, որ Հայաստան Եւրոպայի խորհուրդը կը համարէ ժողովրդավարական զարգացման ռազմավարական գործընկեր եւ այդ առումով ընդգծած է նշեալ կառոյցին դերը ժողովրդավարութեան, մարդկային իրաւանց եւ օրէնքի գերակայութեան ամրապնդման մէջ։

Կողմերը բարձր գնահատած են ՀայաստանԵւրոպայի խորհուրդ համագործակցութեան ընթացքը, քննարկած են երկկողմ օրակարգային հարցեր՝ անդրադառնալով Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական բարեփոխումներու ընթացքին։

Ալէն Պերսէ ողջունած է Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի նախաստորագրումը եւ յոյս հայտնած է, որ խաղաղութեան հաստատումով Հարաւային Կովկասի մէջ ստեղծուած նոր իրողութիւնը տարածաշրջանին առջեւ կը բանայ զարգացման լայն կարելիութիւններ։