Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿ – Չաւուշօղլու մտահոգ է Ֆրանսայի հայ համայնքի գործունէութեամբ

Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւթ Չաւուշօղլու Սթրազպուրկի մէջ թրքական համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումին յայտարարած է, թէ  Ֆրանսայի հայկական Սփիւռքի մէկ մասը դէմ է Թուրքիոյ եւ Ազերպայճանի հետ Հայաստանի յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին: Լուրը հաղորդած է «Անատոլու» գործակալութիւնը։

Թուրք նախարարը նշած է, թէ «որոշ Սփիւռքահայեր դէմ են լաւ յարաբերութիւններու հաստատման եւ կ՚աջակցին թշնամութեան»։

Ան Ֆրանսա բնակող իր հայրենակիցներուն կոչ ըրած է պայքարելու նման դրսեւորումներու դէմ: