Շարժարուեստի ֆրանսահայ հանրածանօթ արուեստագէտ, դերասան, բեմադիր Սիմոն Աբգարեան ստորագրած է բաց նամակ մը, որ լոյս տեսած է «Հիւմանիթէ» օրաթերթին մէջ։ Նամակը կը կրէ «Բաց նամակ՝ բոլոր անոնց որոնք կ՚ուզեն լսել»։
Աբգարեանի տողերը, նախ եւ առաջ,– ինչպէս կ՚ըսուի ժողովրդական բարբառով,– «աղուոր լուացողական» մըն են յղուած՝ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահուհի տիկին Ուրսուլա ֆոն տեր Լեյէնին, որ իբրեւ թէ բռնատէր Փութինի Ռուսաստանը պատժելու համար «գտած է վստահելի գործընկեր մը»՝ Ալիեւը։
Ապա, նամակը մեծ մասամբ խիստ պախարակումն է միջազգային հանրութեան ցուցաբերած երկու չափ-երկու կշիռի վերաբերումին՝ հանդէպ Ուքրաինայի եւ հանդէպ Հայաստանի։
Ընդգծելէ ետք թէ՝ հայ-ազերպայճանական սահմանին արձանագրուած վերջին դէպքերուն կա՛յ նախայարձակ մը, եւ կա՛յ յարձակման ենթարկուած մը, Աբգարեան իր տողերը կ՚եզրափակէ հետեւեալ տողերով.-
«Էրտողան, Ալիեւ եւ Փութին նոյն բռնապետերն են՝ նոյն դաժանութեամբ թրծուած, որ բոլոր բռնակալներու իւրայատկութիւնն է։ Անոնք գործարքներու մէջ են, կը ծրագրեն, կը խլեն, կը կիսուին հողեր ու պաշարներ, որոնք իրենցը չեն, կը համաձայնին ու կը բանակցին զէնք ի ձեռին, եւ եթէ յանկարծ Հայաստանը կամ որեւէ ուրիշ երկիր մը խոչընդոտ դառնայ իրենց շահերուն, ապա կ՚ոչնչացնեն, կամ գոնէ կը փորձեն։
Ինչպէս Ուքրաինացիները եւ միւս բոլոր ժողովուրդները, մենք եւս կ՚ուզենք խաղաղութեան մէջ ծնիլ, ապրիլ ու մեռնիլ մեր պատմական հողերուն վրայ։ Մենք ալ կը ձգտինք արդար աշխարհի, հիմնուած՝ ուրիշներու իրաւունքներու եւ յարգանքի վրայ, եւ մինչ մեզի կը սպառնան,– ինչպէս այսօր,– մենք եւս պիտի ուզէինք արժանանալ [Ուքրաինացիներու հետ] նոյն ուշադրութեան, եւ ի բացակայութեան դիւանագիտական ու լրատուական պատշաճ վերաբերումի՝ պիտի փափաքէինք գոնէ ունենալ ազդու այն զէնքերէն մաս մը, որոնք կը վերականգնեն հաւասարակշռութիւնը ռազմի դաշտին վրայ։ Մենք այլեւս չենք ուզեր այդ զօրակցութիւնը, որ միշտ ուշ կը հասնի՝ կոտորածէն ետք, այլ՝ մենք իրաւո՛ւնք կ՚ուզենք։ Մենք այլեւս չենք ուզեր Ֆրանսայէն եւ այլ երկիրներէ այդ օդանաւերը՝ սնունդով եւ առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներով լեցուն։ Մենք իրաւո՛ւնք կ՚ուզենք։ Մենք այլեւս չենք ուզեր բռնագաղթ, ոչ ալ մէկ այլ ցեղասպանութեան ոգեկոչում, եւ ոչ ալ նորէն կոչ ընել վրէժխնդրութեան եւ արդար բարկութեան աստուածուհի Նեմեսիսին։
Մենք իրաւո՛ւնք կ՚ուզենք»։
* * *
Նշենք որ՝ կուսակցական, ընկերակցական, անհատական նման բազմաթիւ նամակներ յղուած են զանազան հասցէատէրերու, որոնց բոլորին անդրադառնալը անկարելի առաքելութիւն է։ Նախաձեռնուած է նաեւ ստորագրահաւաքներու։ ■