ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Սիսիան Պօղոսեանը Զբօսաշրջութեան կոմիտէի նոր նախագահ նշանակած է։
Վարչապետին որոշումը հրապարակուած է ՀՀ կառավարութեան e-gov.am տեղեկատուական հարթակին վրայ։
Սփիւռքահայ Սիսիան Պօղոսեան 2019-ին թողած է Գանատայի մէջ իր աշխատանքային ասպարէզը եւ գացած է աշխատելու Հայաստան Birthright Armenia-ի միջոցով։ Աշխատած է Հայաստանի ամերիկեան համալսարանին (AUA) եւ Հայաստանի ֆութպոլի դաշնակցութեան (FFA) մէջ։ Իր պաշտօններու աւարտին՝ վերադարձած է Թորոնթօ, ուր գործած է որպէս անհատ ձեռնարկատէր: Այնուհետեւ, որոշած է դարձեալ երթալ Հայաստան «իԳործ» ծրագրի շրջանակէն ներս, իր կարողութիւնները ներդնելու համար Զբօսաշրջութեան կոմիտէին մէջ: