Յուլիս 26-ին, 400 թոն մարդասիրական օգնութեամբ բեռցուած շուրջ երկու տասնեակ բեռնատարներ Երեւանէն ճամբայ ելած են դէպի Կոռնիձոր, ուրկէ ալ կը նախատեսուի ռուս խաղաղապահներու միջոցով օգնութիւնը հասցնել արդէն 227 օրէ ի վեր շրջափակման մէջ գտնուող Արցախի ժողովուրդին։
Լուրը կը հաղորդէ Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ Տարօն Չախոյեան։
Նշենք, թէ Պաքու՝ Երեւանի այս քայլը գրգռութիւն որակած է։