Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Սուտանի Հայոց եկեղեցիին շուրջ բուռն մարտեր կ՚ընթանան

Սուտանի մէջ օրերէ ի վեր տեղի ունեցող քաղաքացիական ծանր բախումները պատճառած են հարիւրաւոր զոհեր եւ վիրաւորներ։ Ռազմական գործողութիւնները տարածուած են ամբողջ երկրի քաղաքներուն մէջ։

Սուտանի Հայոց միակ եկեղեցին յայտնուած է հակամարտող ուժերու թէժ գիծերու կեդրոնը։  Լուրը հաղորդած են Սուտանի մայրաքաղաք Խարթում ապրող մեր հայրենակիցները։

Կը հաղորդուի նաեւ, որ հակառակ ընթացող բախումներուն եւ մինչեւ այս պահը (Ապրիլ 17) եկեղեցին վնաս չէ կրած։

Սուտանի հայկական համայնքը կը համարուի սփիւռքի ամենափոքր համայնքներէն մին եւ այնտեղ կ՚ապրին շուրջ 15 Հայեր։

Աղբիւրը` «Արեւելք»