Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆ – Մայր տաճարի աւանդատուն-թանգարանին մէջ կը ցուցադրուի Հայոց ցեղաuպանnւթենէն հրաշքով փրկուած գանձերէն մէկը

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի թանգարաններու եւ արխիւի տնօրէն Ասողիկ աբեղայ Կարապետեան կը տեղեկացնէ, թէ Տիրոջ ողորմութեամբ եւ Գարեգին Բ. վեհափառ հայրապետի օրհնութեամբ կը վերաբացուի Սուրբ Էջմիածնի մայր տաճարի աւանդատուն-թանգարանը: Եւ այս առիթով, առաջին անգամ կը ցուցադրուի նաեւ Կենաց փայտին մասունքը ամփոփող խաչ-մասունքարանը, որուն մէջ զետեղուած է 7-րդ դարու խաչը (պատմութեան մէջ յայտնի Հացունեաց խաչ անունով)։

Հայր Ասողիկի համաձայն՝ ոսկեայ այս խաչը պատկանած է Սիւնեաց Բիւրեղ իշխանուհիին, որուն մէջ ամփոփուած է Քրիստոս Աստուծոյ խաչափայտի մասունքը՝ իշխանուհիի իսկ խնդրանքով տրուած Բիւզանդիոնի Հերակլիոս Ա. կայսեր կողմէ, երբ 627-ին Խաչափայտը, ազատագրուելով պարսից գերութենէ,  հայոց աշխարհով տարուած է Կ. Պոլիս, ապա՝ Երուսաղէմ: 1846-ին, իշխանուհիին խաչը ամրացուած է Վան պատրաստուած սքանչելազարդ խաչ-մասունքարանին մէջ՝ պահուելով Լիմ անապատի Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ:

“Բանիմաց հայ հոգեւորականներու շնորհիւ Հայոց ցեղասպանութենէն հրաշքով փրկուած գանձերէն է, որ այլեւս սրբութեամբ պէտք պահուի ամբողջ հայութեան հոգեւոր կեդրոն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ: Շատ շուտով, սիրելինե՛ր, դուք ալ երջանկութիւնը պիտի ունենաք տեսնելու եւ խոնարհելու այս հրաշափառ աստուածային մասունքին առջեւ”,– յայտնած է Ասողիկ աբեղայ Կարապետեան։