Սուրէն Պապիկեան. «Թէ՛ հայ-ամերիկեան, թէ՛ ֆրանքեւհայկական գործակցութեան նպատակը Հայաստանի պաշտպանական կարողութիւնները հզօրացնելն է»

Յունուար 15-ին, լրագրողներու հետ ասուլիսին Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան յայտարարած է, որ թէ՛ հայ-ամերիկեան, թէ՛ ֆրանքեւհայկական գործակցութեան նպատակը Հայաստանի պաշտպանական կարողութիւնները հզօրացնելն է։

“ԱՄՆ կ՚աջակցի մեր բանակի բարեփոխութեան իբրեւ խորհրդատու: Նոյնը կրնամ ըսել նաեւ Ֆրանսայի մասին: Մեր համագործակցութեան ընթացիկ վիճակէն կրնամ մի՛այն գոհունակութիւն յայտնել: Մեզի ընձեռուող կարելիութիւնները կարեւոր են մեր բանակի բարեփոխման եւ նոր կառուցակարգերու ստեղծման համար”,– շեշտած է նախարարը՝ աւելցնելով, թէ Հայաստան ոեւէ մէկուն հետ սպառազինութեան մրցավազքի մէջ մտնելու նպատակ չունի։

Անդրադառնալով սահմանային հատուածներու մէջ ազերպայճանական զինեալներու հաւանական տեղաշարժերու՝ Սուրէն Պապիկեան նշած է, թէ իրենք նման որեւէ տեղաշարժ չեն արձանագրած։

Պատասխանելով Հայաստանի հակօդային պաշտպանութեան առնչուող հարցումին, նախարարը ըսած է. “Հայաստանի պաշտպանութիւնը հզօրացնելու համար, բնականաբար, մեծ ուշադրութիւն պիտի դարձնենք հակօդային, հակահրթիռային եւ անշուշտ անօդաչու սարքերու դէմ սպառազինութեան քանակը աւելցնելու հարցին վրայ, բայց սա մէկ հարուածով լուծուող խնդիր մը չէ, այլ բաւական երկար ժամանակի կարօտող գործընթաց մըն է։ Ըստ իս՝ բոլոր երկիրներն ալ այսօր, նկատի առնելով ժամանակակից պատերազմներու եւ մարտահրաւէրներու բնոյթը, կը խորհին բազմացնել նմանատիպ պաշտպանունակ ստորաբաժանումներու թիւը”։ 

Պապիկեանի համաձայն՝ ժամանակակից աշխարհին մէջ առանց անօդաչու ստորաբաժանումներու բանակ պատկերացնելը անկարելի է։