Յուլիս 12-ին, տեղի ունեցած է Համազգայինի «Վահան Նաւասարդեան» մասնաճիւղի նոր գրասենեակի պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը։ Ներկայ եղած են Լաթաքիոյ եւ ծովափնեայ շրջանի հոգեւոր հովիւ Վազգէն աւ. քհնյ Քէօշկէրեան, Համազգայինի Սուրիոյ շրջ. վարչութեան ներկայացուցիչ Սարին Կիրակոսեան-Գէորգեան, Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի ատենապետը, Համազգայինի «Վահան Նաւասարդեան» մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետը, միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ համազգայնականներ։
Բացման խօսքը արտասանած է մասնաճիւղի ատենադպրուհի Մակի Մանճիկեան-Խոտանեան, նշելով, որ այդ գրասենեակը լոկ քար ու գոյք չէ, այլ յատուկ վայր մըն է, ուր համազգայնականները պիտի շարունակեն իրենց համախմբուած գործունէութիւնը՝ կրթութեան, մշակոյթի, ազգային ինքնութեան եւ հասարակական ծառայութեան բնագաւառներուն մէջ։
Իր կարգին արժանապատիւ քահանայ հայրը ջերմապէս շնորհաւորած է մասնաճիւղի վարչութիւնն ու անդամները՝ նոր գրասենեակի բացման առիթով եւ արգասաբեր գործունէութիւն մաղթած անոնց։
Հանդիսութիւնը աւարտած է կոկիկ հիւրասիրութեամբ։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։