Հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Հալէպի մասնաճիւղի վարչութեան եւ Սկաուտ խորհուրդին, Կիրակի, Մարտ 30-ին, ՀՄԸՄ-ի Հալէպի մասնաճիւղը նշած է Հայ սկաուտի օրը, «Տէր Սէնթ» վանքի շրջափակէն ներս, միօրեայ գործունէութեամբ:
«Յառաջ նահատակ» քայլերգով ծայր առած աշխատանքներուն մասնակցած են ՀՄԸՄ-ի Հալէպի մասնաճիւղի Երէց-պարման եւ Արի-արենոյշ միաւորները, ինչպէս նաեւ Գայլ-արծուիկ միաւորի Կարմիր եւ Կապոյտ վոհմակ-երամները, թիւով 143 անդամներ։
Օրուան ընթացքին ՀՄԸՄ-ականները ունկնդրած են Սուրիոյ շրջանային խմբապետուհի Թամար Աւետեան-Գատէհճեանի օգտաշատ դասախօսութիւնը «ՀՄԸՄ-ի Հալէպի մասնաճիւղի հարիւրամեայ պատմութիւնը» բնաբանով։
Հայ սկաուտի օրուան առթիւ ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Սկաուտ խորհուրդը պատրաստած է միութեան շուշանածաղիկը կրող տետրեր, որոնք գործունէութեան աւարտին բաժնուած են ներկաներուն:
Մասնակիցները վերադարձած են իրենց հետ տանելով քաղցր յիշատակներ եւ փորձառութիւն մը՝ գործելու միութեան «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր» նշանաբանով:
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։