Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՍՈՒՐԻԱ – Սուրբ Յարութեան տօնին ընդառաջ Դամասկոսի Առաջնորդութիւնը 250 ընտանիքի սննդակողովներ բաշխած է

Ապրիլ 15-ին, Դամասկոսի Հայոց թեմի առաջնորդ Արմաշ եպիսկ. Նալպանտեանի օրհնութեամբ եւ ներկայութեամբ, Դամասկոսի Առաջնորդութիւնը, համագործակցաբար Samaritan’s Purse բարեսիրական կազմապերութեան հետ, Սուրբ Յարութեան տօնին ընդառաջ՝ 250 ընտանիքի սննդակողովներ բաշխած է:

Մեկնելով երկրին մէջ տիրող տնտեսական եւ կենցաղային դժուարին պայմաններէն, սոյն օժանդակութեամբ ընտանիքներուն առիթը տրուած է ուրախութեամբ դիմաւորելու Ս. Զատիկը:

Սննդակողովներու բաշխումին ներկայ եղած են նաեւ Samaritan’s Purse բարեսիրական կազմապերութեան ներկայացուցիչները: