Սպանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութեան նախաձեռնութեամբ, երկրի պետական երկրորդ կայանը ձայնասփիւռային յատուկ յայտագիր մը պատրաստած է 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցին կապակցութեամբ։ Յայտագրի շրջանակին մէջ, կայանին հարցազրոյցներ տրամադրած են դեսպան Սօս Աւետիսեան, աշխարհահռչակ ջութակահար Արա Մալիքեան, Մատրիտի ինքնավար համալսարանի դասախօս, պատմաբան Ֆէրնանտօ Գամաչօ, սպանաբնակ հայազգի իրաւագէտ Էմմա Յակոբեան։