Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը եւ Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանը Սպիտակի մէջ յարգանքի տուրք մատուցած են 1988 թուականի աւերիչ երկրաշարժի զոհերու յիշատակին։
Անոնք ծաղկեպսակ զետեղած են երկրաշարժի զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին առջեւ։
Երկրին բարձրագոյն ղեկավարութիւնը երկրաշարժի զոհերուն յարգանքի տուրք մատուցած է նաեւ Վանաձոր քաղաքին մէջ՝ ծաղկեպսակ զետեղելով զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշակոթողին մօտ։
Արդէն 37 երկար տարիներ սահեցան 1988 Դեկտեմբեր 7-ի այն աղէտաբեր օրէն, երբ ահաւոր բնական արհաւիրքը քանի մը երկվայրկեանի մէջ պատճառ դարձաւ հազարաւոր շինութիւններու փլուզման, տասնեակ հազարաւոր մարդոց մահուան։
Երկրաշարժի հետեւանքով անօթեւան մնաց 514 հազար հոգի։ Տարբեր աստիճանի վնասուածքներ ստացաւ շուրջ 20 հազար հոգի, զոհերու թիւը կազմեց 25 հազար։ Ամէնէն մեծ թիւով զոհ արձանագրուեցաւ Գիւմրիի (Լենինական)՝ շուրջ 15-17 հազար, եւ Սպիտակի մէջ՝ 4 հազար հոգի։
Նշենք, որ այս ողբերգական օրը կը յիշատակուի «Սպիտակի երկրաշարժ» անուանումով, քանի որ ցնցումներուն վերնակեդրոնը կը գտնուէր Սպիտակ (ճշգրիտ՝ Նալպանտ գիւղը, որ այժմ կը կոչուի Շիրակամուտ)։
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 1988-ի աւերիչ երկրաշարժի զոհերու յիշատակին նուիրուած պատարագին մասնակցած է Գիւմրիի Սուրբ Եօթը վէրք եկեղեցւոյ մէջ։