Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ստեփանակերտի մէջ բողոքի ցոյց՝ Արցախի ապաշրջափակման պահանջով

Յուլիս 12-ին, Միջանցքի ապաշրջափակման ժողովրդական շարժումի ղեկավարները Ստեփանակերտի մէջ բողոքի ցոյց կազմակերպած են՝ միանալու կոչ ընելով հանրութեան։ 

Շարժումի պատասխանատու, հանրային գործիչ Արթուր Օսիպեանի համաձայն՝ Ազերպայճան յստակ յայտարարած է Արցախի ժողովուրդը սովի մատնելու եւ համարկումի ստիպելու իր նպատակը.  միակ ելքը ամէն գինով միջանցքը բանալն է:

“Շրջաններէն եւս փափաք յայտնեցին միանալու մեր նախաձեռնութեան,  բայց այս ծանր պայմաններուն տակ այդ  հնարաւոր չէ, եւ այդ պատճառով ալ պէտք է դիմենք պատկան մարմիններուն, որ տրամադրեն վառելիք կամ երթեւեկութեան միջոց, որպէսզի մեր հայրենակիցները կարենան միանալ մեզի։ Ով դէմ է կենաց պայքարին, Արցախի  թշնամին է։ Եթէ Ռուսերը չօգնեն մեզի, մենք պիտի դիմենք վճռական քայլերու”,– նշած է Օսիպեան։

Նախաձեռնող խումբի անդամ Դաւիթ Վանեան իր կարգին յայտարարած է, թէ Միջանցքի ապաշրջափակման համաժողովրդական շարժումի նպատակը միջանցքը բանալու արշաւ սկսիլն է։

«Հասած է պահը ցոյց տալու մեր միասնականութիւնը, ցոյց տալու, որ մենք անտարբեր չենք ստեղծուած իրավիճակին, մեր երախաներու ապագային, մեր ճակատագրին հանդէպ։ Մեր հաւաքին միացան զոհուած հերոսներու մայրեր, կիներ ու երախաներ։ Լռելով ոչինչի կը հասնինք, մենք մեր ձայնը պէտք է լսելի դարձնենք աշխարհին։ Խանութներուն մէջ սննդամթերք գրեթէ չէ մնացած, մեր  երախաները սովի շեմին են։ Արցախի ժողովուրդը ինք պէտք է որոշէ իր ճակատագիրը”,– ընդգծած է Վանեան։