Դեկտեմբեր 12-էն 16 Ստեփանակերտի «Մօր եւ մանկան առողջութեան պահպանման կեդրոն»-ին մէջ լոյս աշխարհ եկած է 14 մանուկ։
«Արցախփրէս»-ի թղթակցին հետ զրոյցին այս ուրախ լուրը հաղորդած է նշեալ կեդրոնի գործադիր տնօրէն Վարդգէս Օսիպով։
“Նորածիններէն 8-ը մանչ են, 6-ը՝ աղջիկ։ Ծնունդներէն 5-ը մայրաքաղաք Ստեփանակերտէն են, միւսները՝ Մարտունիի, Ասկերանի, Շահումեանի, Մարտակերտի, Շուշիի ու Հադրութի շրջաններէն”,– ըսած է ան եւ աւելցուցած, թէ ներկայիս անհրաժեշտ բժշկական պիտոյքները բաւարար են, բայց եթէ ճամբան շարունակէ փակ մնալ, այդ պարագային դժուարութիւններ պիտի յառաջանան։