«Սփիւռքեան հեռանկարներ» վերլուծական հարթակի մեկնարկ

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան նախաձեռնութիւնը՝ անդրադառնալու հայկական հիմնահարցերու.

Սփիւռքեան հեռանկարներ (Diasporan Perspectives)-ը վերլուծական հարթակ մըն է հիմնուած 2025-ին Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան կողմէ. անոր կեդրոնացումն է Հայկական Սփիւռքը եւ Հայաստանը։

Նախաձեռնութեան պաշտօնական մեկնարկը տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ 5 դեկտեմբեր 2025-ին, Լոնտոնի ժամով 17:30-ին: Միջոցառումին կարելի պիտի ըլլայ հետեւիլ ուղիղ հեռարձակումով։

Սփիւռքեան հեռանկարներ հարթակին նպատակն է հասարակական գիտութիւններու ոլորտին մէջ նոր հետազօտութիւններ հրապարակել՝ կեդրոնանալով Սփիւռքի եւ Հայաստանի վրայ, միաժամանակ հանդէս գալով որպէս հանդիպումի վայր՝ առաջնորդներու, քաղաքականութիւն մշակողներու եւ փորձագէտներու: Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքին կողմէ իրականացուած նախագիծերը պարարտ հող մը ստեղծեցին այս նախաձեռնութեան համար, իսկ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ տեղի ունեցող զարգացումները անհրաժեշտ դարձուցին նման վերլուծական հարթակի մը ստեղծումը։

«Սփիւռքեան հեռանկարներ»-ը նպատակ ունի հայկական իրականութիւնը հասկնալ աւելի լայն միջազգային շրջարկի մը մէջ: Սփիւռքի մէջ իսկ հիմնուած այս նախաձեռնութիւնը կը ներկայացնէ սփիւռքեան տեսակէտները ազգային հարցերու վերաբերեալ՝ դուրսէն ներս մօտեցում մը բերելով, միաժամանակ հայկական Սփիւռքին հնարաւորութիւն տալով վերականգնել իր սեփական անկախ մտածողութիւնը ազգային հարցերու հանդէպ։ Անոր առաքելութիւնն է «խթանել նորարար հասարակագիտական​​հետազօտութիւնները, վերլուծութիւնները եւ ռազմավարական մտածողութիւնը, որ փոխակերպող են, բաց են աշխարհին եւ որոնց թիրախը հայութիւնն է»։

«Սփիւռքեան հեռանկարներ» նախագիծի պաշտօնական մեկնարկը տեղի պիտի ունենայ քննական զրոյցով մը որ պիտի անդրադառնայ հիմնական հարցերու՝ ինչո՞ւ հիմա՛ ստեղծել նման վերլուծական հարթակ մը,անիկա ինչո՞վ կը տարբերի նմանատիպ այլ նախաձեռնութիւններէ, որո՞նք են նպատակներն ու խնդիրները, սփիւռքեան հեռանկար մը ունենալը ի՞նչ կ՚ենթադրէ ազգային խնդիրներու վերլուծութեան մէջ, կարելի պիտի ըլլա՞յ հետազօտութիւնները հասցէագրել որոշում կայացնողներու…։ Բանախօսները նաեւ պիտի պատասխանեն լսարանի հարցումներուն։

Բանախօսներն են՝

  • Ռազմիկ Փանոսեան, Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքի տնօրէն։
  • Վիգէն Չըթըրեան, «Սփիւռքեան հեռանկարներ» նախաձեռնութեան տնօրէն, Ժընեւի համալսարանի դասախօս, Զուիցերիա։
  • Արմինէ Իշխանեան, London School of Economics and Political Science-ի Ընկերային քաղաքականութեան Բաժինի դասախօս։

Քննարկումը տեղի պիտի ունենայ անգլերէնով:

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել https://gulbenkian.pt/armenian-communities/hy/our-news-hy/սփիւռքեան-հեռանկարներ-վերլուծական եւ www.diasporanperspectives.org