Կիրակի, Դեկտեմբեր 14-ի երեկոյեան, հոծ բազմութեան մը ներկայութեան՝ տպաւորիչ ու շքեղ հանդիսութեամբ վառած են մայրաքաղաքի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ զետեղուած հսկայական գլխաւոր տօնածառին լոյսերը։
Խորհրդանշականօրէն, լոյսերը վառած է «Մանկական Եւրոտեսիլ»-ին Հայաստանի ներկայացուցիչ Ալբերտ Արմենակնեանը, որուն կանթեղը յանձնած է Երեւանի քաղաքապետ Տիգրան Աւինեան։
Վառման հանդիսութիւնը ընթացած է համերգներով, պարային ու այլ ներկայացումներով, մինչ երկինքին մէջ անօդաչուներ իրենց գունաւոր լոյսերով համադրած են զանազան պատկերներ եւ պատգամներ, ինչպէս օրինակ՝ «Երեւան 2026»։
Լոյսերու վառման շքեղ հանդիսութեան յաջորդած է նոյնքան շքեղ հրավառութիւն մը։
Տեսանիւթը՝ հոս.