Վատիկանի Սուրբ Պետրոս տաճարը
Վատիկան վերջին օրերուն նոր համագործակցութեան բազմաթիւ համաձայնագրեր կնքած է Ազերպայճանի հետ, հրահրելով Սուրբ Աթոռի եւ Պաքուի միջեւ յարաբերութիւններուն շուրջ քննադատութիւնները։ Սեպտեմբեր 9-ին համաձայնագիր մը ստորագրուած է Ազերպայճանի Առողջապահութեան նախարարութեան եւ Վատիկանի Bambino Gesù մանկական հիւանդանոցին միջեւ՝ մասնագիտական բժշկական վարժընթացի, ծինաբանական ախտորոշումի եւ բարդ պարագաներու՝ բուժման ծախսերու ստանձնումի շուրջ։ Յաջորդ օրը կնքուած է ուրիշ համաձայնագիր մը Ազերպայճանի առաջին տիկնոջ գլխաւորած «Հեյտար Ալիեւ» հիմնադրամին եւ Վատիկանի Առաքելական գրադարանին ու Առաքելական արխիւներուն միջեւ՝ վատիկանական արխիւներուն մէջ ազերպայճանական պատմական փաստաթուղթերու թուայնացման եւ հետազօտական համագործակցութեան մասին։
Այս համաձայնագրերը կը ստորագրուին Արցախի հայութեան ցեղային զտման եւ հայկական բազմաթիւ եկեղեցիներու, կրօնական յուշարձաններու եւ հայկական գերեզմանատուներու ոչնչացման ենթախորքին, 2023 Սեպտեմբերին ազերպայճանական յարձակումէն ետք, որ բռնագաղթի ստիպեց Արցախի աւելի քան 100.000 հայ բնակիչները։ Հարցը կրօնական առանձնակի ծաւալ կը ստանայ երբ նկատի ունենանք, որ Հայաստան պաշտօնապէս քրիստոնէութիւնը ընդունած առաջին երկիրն է։
Քննադատները կը դատապարտեն Պաքուի «խաւիարի դիւանագիտութիւն»-ը, այսինքն նշանակալի գանձատրման միջոցներու գործածութիւնը Արեւմուտքի ազդեցիկ հաստատութիւններու եւ անձնաւորութիւններու բարեհաճութիւնը ձեռք բերելու համար։ «Հեյտար Ալիեւ» հիմնադրամը կը նկատուի այս ռազմավարութեան գլխաւոր գործիքը։ 2025 Ապրիլին Գրիգորեան պապական համալսարանին մէջ կազմակերպուած գիտաժողովը արդէն վէճ յարուցած էր ներկայացնելով պատմութիւնը վերատեսութեան ենթարկող մեկնաբանութիւն մը, միջնադարեան հայկական վանքերը անուանելով «աղուանական» եւ հայերը մեղադրելով որպէս «յարձակողական գաղութարարներ»։ Իսկ 2024 Օգոստոսին «L’Osservatore Romano» թերթը հրապարակած էր յօդուած մը, որ կը վերարտադրէր այդ շինծու եզրաբանութիւնը՝ պատմական հայկական շրջանները կոչելով «աղուանական»։
«Հեյտար Ալիեւ» հիմնադրամը Վատիկանի մէջ կը գանձատրէ բազմաթիւ վերականգնման ծրագրեր, որոնք կը վերաբերին ի մասնաւորի Սուրբ Պօղոս-Պարիսպներու տաճարին, Մարչելինոսի եւ Պետրոսի, Կոմմոդիլլայի եւ Սուրբ Սեբաստիանոսի հռոմէական ստորերկրեայ դամբարաններուն. ազերպայճանական գանձատրումով կը վերականգնուին նաեւ Առաքելական գրադարանի 3.000 գիրքեր եւ 75 ձեռագրեր, … կայ դեռ Վատիկանի թանգարաններուն պատկանող Զեւսի արձանին եւ Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ՝ Մեծն Լեւոն պապի եւ Աթթիլա Հունի հանդիպումը ներկայացնող որմնանկարին վերականգնումը։ Իտալական լրասփիւռներու համաձայն՝ այս նուիրատւութիւններու ընդհանուր գումարը կը հասնի առնուազն 640.000 եւրոյի, բայց ազերպայճանցի պաշտօնեայ մը 2020-ին խօսքը կ՚ընէր «1 միլիոն եւրօն գերազանցող» գումարի, մինչ իրականութեան մէջ այդ գումարը կրնայ շա՜տ աւելի բարձր ըլլալ։
Բազմաթիւ կեդրոնական անձնաւորութիւններ կը միջնորդեն այս յարաբերութիւններուն ու կը դիւրացնեն զանոնք։ Կարդինալ Գլաուտիօ Կուճերոթթի, ներկայիս Արեւելեան եկեղեցիներու դիւանի նախագահ եւ 2001-էն 2011 նախկին պապական նուիրակ Ազերպայճանի, Հայաստանի եւ Վրաստանի մէջ, բանակցած է 2011-ի երկկողմ համաձայնագիրը Սուրբ Աթոռի եւ Ազերպայճանի միջեւ։ Կարդինալ Ճիանֆրանքօ Ռավազի կը հանդիսանայ ուրիշ կեդրոնական գործիչ մը, որ բացած է ճամբան հռոմէական ստորերկրեայ դամբարաններու վերականգման ծրագրի մասին 2012-ի համաձայնագրին։ Հարկ է նաեւ յիշել, որ Ազերպայճանի առաջին տիկին Մեհրիպան Ալիեւա եւ Սուրբ Աթոռի մէջ Ազերպայճանի դեսպան Իլքար Մուխթարով 2025 Ապրիլ 3-ին մեծարուեցան Պիոս IX-ի շքանշանով, անկասկած իրենց «բարեսիրական նուէր»-ներուն կամ մատուցած «ծառայութիւն»-ներուն համար։
Մինչ հայկական ճակատը խստօրէն կը քննադատէ Վատիկանը որոշ ժամանակէ ի վեր Ազերպայճանէն դրամ ստանալու ամբաստանութեամբ եւ կը դատապարտէ հայոց պատմութիւնը խեղաթիւրող ազերպայճանական պնդումները, Պաքու այս նախաձեռնութիւնները կը ներկայացնէ որպէս երկկողմ յարաբերութիւններու ամրապնդում եւ միջկրօնական երկխօսութեան մէջ իր յանձնառութեան ապացոյց։
Այս համաձայնագրերը պէտք է ընկալել ազերպայճանական երկարատեւ ռազմավարութեան մը շրջածիրին մէջ, որու նպատակն է իր հողային պահանջները օրինականացնել եւ «վիճելի» տարածքներուն մէջ հայկական քրիստոնէական ժառանգութիւնը նուազագոյնի զեղչել,– չըսելու համար՝ ամբողջովին ոչնչացնել,– միաժամանակ նշանակալի մշակութային ներդրումներով՝ Վատիկանի վրայ հետզհետէ աւելի մեծ ազդեցութեան տիրանալով։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։